Լոնտոնեան Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյն մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին կը փափաքի միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտի, այս մասին յայտնեց անգլիական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Թոթենհամ իր ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը տալու համար կը պահանջէ 117 միլիոն եւրօ:
Սակայն իր կազմին միացնելու համար 29 տարեկան ֆութպոլիստը, Եունայթըտ այդքան գումար պատրաստ չէ վճարելու:
Ֆութպոլիստով հետաքրքրուած են նաեւ` Պայէրն Միւնիխ եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն:
Նշենք, որ աւարտած տարեշրջանին ան 48 մրցումի ընթացքին նշանակեց 30 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
«Թրանսֆերմարքթ» անոր փոխանցման արժէքը կը գնահատէ 90 միլիոն եւրոյով: