Իր գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին, Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն արտակարգ որոշում մը տալով կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը զրկեց ճանաչումէն, այս մասին յայտնեց կազմակերպութեան պաշտօնական կայքը:
Կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնը ճանաչումէ զրկելու որոշումին թեր քուէարկած են Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի գործադիր յանձնախումբին 70 անդամներէն 69-ը, մինչ մէկ անդամ դէմ եղած է այդ որոշումին:
Նշենք, որ կռփամարտի միջազգային ֆետերասիոնի ռուս նախագահ Ումար Քրեմլեւ նախորդ 14 յունիսին յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսած էր, որ կազմակերպութեան խնդիրները ոչ թէ ընդհանուր ողիմպիական կոմիտէի շարժումին հետ կապուած են, այլ` Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի ղեկավար կազմին կարգ մը մարդոց հետ:
Ումար Քրեմլեւ նաեւ կասկածի տակ առած էր Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին աշխատանքի ազնուութիւնն ու թափանցիկութիւնը:


