Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Ռէալ Մատրիտին մաս կազմող 37 տարեկան միջնապահ` Լուքա Մոտրիչ մտադիր է իր մասնակցութիւնը բերել «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան, այս մասին յայտնեց խրուաթական մարզական մամուլը:
Վերջերս լուրեր շրջան կ՛ընէին, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին, Սպանիայէն իր կազմին կրած պարտութենէն ետք, ան հեռանայ միջազգային ասպարէզէն:
Սակայն այժմ կը նշուի, որ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը, անոր համար պիտի ըլլայ արհեստավարժ ասպարէզին վերջին մրցաշարքը:
Նշենք, որ Խրուաթիա, որ մաս կը կազմէ Դ. խմբակին, իրեն մրցակից ունի Հայաստանը, Կալեսը, Լաթվիան եւ Թուրքիան: