Լեհաստանի Քրաքով քաղաքին մէջ սկսած եւրոպական երրորդ խաղերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 57 երկսեռ մարզիկով:
Լեհաստանի 13 քաղաքներուն մէջ 12 օրուան ընթացքին ներկայ պիտի ըլլան շուրջ 50 երկիրներէ աւելի քան եօթը հազար երկսեռ մարզիկներ, որոնք պիտի մասնակցին 26 մարզաձեւերու մրցումներու:
Հայաստան ներկայացուցիչներ պիտի ունենայ հետեւեալ տասը մարզաձեւերուն մէջ.
Աթլեթիզմ, լողարշաւ, քարաթէ, նշանառութիւն, թեքուանտօ, կռփամարտ, սուսերամարտ, ճատրակ, Մուա-Թայ եւ թեքպոլ:
Տեղի ունեցած բացման հանդիսաւոր արարողութեան, Հայաստանի դրօշակակիրները հանդիսացան աթլեթներ Լեւոն Աղասեան եւ Գայեանէ Չիլոյեան:
Մրցումներուն առաջին օրը, աթլեթիզմի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Աղասեան հանդիսացաւ եռամարտի Գ. դասակարգի յաղթական` 16,36 մ արդիւնքով գրաւելով առաջին դիրքը:
Վազքի մրցումներուն, Երուանդ Մկրտչեան 1500 մեթրի մրցումներուն արձանագրելով 3′ 44″ 11 արդիւնք մը, երրորդ դասակարգին մէջ գրաւեց երրորդ դիրքը: