«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Ա. Էս. Ռոմայի գլխաւոր մարզիչ, փորթուգալցի Ժոզէ Մուրինիօ, եւրոպական մրցաշարքերու գծով չորս մրցումով կախակայուեցաւ:
Սեւիլլայի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումէն ետք, 60 տարեկան Մուրինիօ անպատուած էր օրուան իրաւարարները:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` անգլիացի Անթոնի Թէյլըր, վեց դեղին քարտ տուած էր իտալական կազմի ֆութպոլիստներուն, ինչ որ զայրացուցած էր Մուրինիոն:
Ա. Էս. Ռոմա, որ Իտալիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան գրաւեց դասաւորման 6-րդ դիրքը, յառաջիկայ տարեշրջանին պիտի մասնակցի «Եուրոփա Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին:
Մուրինիօ պիտի բացակայի խմբակներու դրութեամբ տեղի ունենալիք վեց մրցումներէն չորսին: