Անկախ ֆութպոլի ֆետերասիոններու կազմակերպութեան («ՔՈՆԻՖԱ») պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Արցախի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը չճանչցուած երկիրներու աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն մասնակցելու իրաւունք ստացաւ:
Եւրոպայի գօտիին մէջ, Արցախի խումբը 10 յուլիսին Սոխումիի Տինամօ մարզադաշտին մէջ պէտք է մրցի Աբխազիոյ դէմ:
Սակայն Արցախի մասնակցութիւնը այդ մրցումին վտանգուած է` նկատի ունենալով, որ Ազրպէյճան կը շարունակէ Արցախի ապօրինի շրջափակումը:
Չճանչցուած երկիրներու աշխարհի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ տարի` Հիւսիսային Իրաքի մէջ:
Նշենք, որ 2019-ին Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ախոյեանութիւնը:


