Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի թենիսի ոչ պաշտօնական ախոյեանութեան «Պիլի Ճին Քինկ» բաժակի մրցաշարքին եւրոպական գօտիի Գ. խմբակի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի աղջկանց թենիսի հաւաքականը արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կիպրոսը:
Նախորդ երկու հանգրուաններուն, Գայեանէ Մովսիսեանի գլխաւորած կազմը յաղթած էր Մոնթենեկրոյին եւ Սան Մարինոյին երկուքն ալ` 2-1 արդիւնքով:
Իր կատարելիք վերջին մրցումին, եթէ Հայաստան կարենայ յաղթանակ մը եւս արձանագրել Լիւքսամպուրկի դէմ, պիտի անցնի յաջորդ հանգրուան եւ իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հիւսիսային Մակեդոնիան:


