Սպանիոյ ֆութպոլի փոխախոյեան Ռէալ Մատրիտի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ակումբը իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց գերմանացի միջնապահ Թոնի Քրուսի հետ:
33 տարեկան ֆութպոլիստին նոր պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2024:
Քրուս, որ արքայական ակումբին միացաւ 2014-ին, նախորդ տարեշրջանին Քարլօ Անչելոթթիի գլխաւորած կազմին հետ իր մասնակցութիւնը բերաւ 52 մրցումի, նշանակեց 2 կոլ եւ կատարեց 6 էսիսթ: