Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ` Օլիվիէ Ժիրուի մարզաշապիկը (թիւ 9), որուն հետ ան մասնակցեցաւ Անգլիոյ դէմ տեղի ունեցած 2022-ի Մոնտիալի քառորդ աւարտականի մրցումին, վաճառուեցաւ 35 հազար եւրոյի, «Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներու համար» աճուրդին ընթացքին:
Վերոնշեալ մրցումին, Օլիվիէ Ժիրու նշանակած էր ֆրանսայի խումբին յաղթանակի (2-1) կոլը` 78-րդ վայրկեանին:
Նշենք, որ այդ մարզաշապիկը գնողին անունը չյայտարարուեցաւ:


