Ֆրանսայի հեծելարշաւի շրջավազքին` «Թուր Տը Ֆրանս»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումին յաղթականը հանդիսացաւ աւստրալիացի Ճէյ Հինտլէյ, որ ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 57′ 07″ արդիւնք մը:
Նշենք, որ այս հանգրուանը, որ տեղի ունեցաւ Փոյէն Լարունս (165 քմ), եղաւ լեռնային հանգրուան մը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ան հագաւ դեղին շապիկը` ընդամէնը արձանագրելով 22 ժամ 15′ 12″ արդիւնք մը: