Տղոց աշխարհի թենիսի միջազգային դասաւորման երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող սերպ Նովաք Ճոքովիչ Ուիմպըլտընի կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ արձանագրեց 6-3, 7-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը, 70-րդ դասուած աւստրալիացի Ճորտըն Թոմսընի դէմ:
3-րդ դասուած ռուս Տանիիլ Մետվետեւ, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն մրցեցաւ անգլիացի Արթիւր Ֆերիի դէմ (391-րդ), արձանագրեց 7-5, 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աղջկանց մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող լեհ Իկա Սվիաթեք Ճոքովիչի նման իր կարգին ապահովեց Գ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-2 եւ 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք սպանացի Սարա Սորիպես Թորմոյի: