Աւստրիացի Էյտի Հաթըր նշանակուեցաւ Մոնաքոյի գլխաւոր մարզիչ, այս մասին յայտնեց Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լիկ-1»-ին մասնակցող խումբը:
53 տարեկան մասնագէտին պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2025:
Նշենք, որ ան յունիս 2022-ին հեռացած էր Պորուսիա Մէօնշընկլատպախէն:
Ան անցեալին եղած է նաեւ գերմանական Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի, զուիցերիական Եանկ Պոյզի եւ աւստրիական Սալզպուրկի մարզիչը:


