Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն իր պայմանագրութիւնը խզեց ակումբի գլխաւոր մարզիչ ֆրանսացի Քրիսթոֆ Կալթիէի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ Սեն Ժերմեն անոր պիտի վճարէ 6 միլիոն եւրօ հատուցում:
Անոր փոխարէն նոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պարսելոնայի նախկին մարզիչ սպանացի Լուիս Էնրիքէ:
Նշենք, որ Կալթիէ մայրաքաղաքի կազմի մարզիչ նշանակուած էր յուլիս 2022-ին, հեռանալէ ետք ֆրանսական այլ ակումբէ մը` Նիսէն:
Էնրիքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբէն հեռացաւ 2022-ի Մոնտիալէն ետք: