Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 15 եւ 17 տարեկանէն վար ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ Ժորա Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
17 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ հայրենի ծանրաբարձը երկամարտի մրցումներուն արձանագրեց 244 քկ (109+135) արդիւնք մը:
Այսպիսով, Հայաստան տիրացաւ իր երկրորդ մետալին` նկատի ունենալով, որ Գրիգորեանէն առաջ Կառլեն Դաւթեան 49 քկ դասակարգին մէջ դարձած էր պրոնզէ մետալակիր:


