Աբխազիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Աբխազիոյ եւ Արցախի ֆութպոլի հաւաքականին միջեւ տեղի ունենալիք մրցումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով մը:
«ՔՈՆԻՖԱ-2024»-ի (Անկախ ֆութպոլի ֆետերասիոններու կազմակերպութիւն) աշխարհի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ, 10 յուլիսին Աբխազիոյ մէջ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար Աբխազիա-Արցախ ֆութպոլի մրցումը (Դ. խմբակ):
Արցախի անկայուն իրավիճակին պատճառով, Արցախի հաւաքականը պիտի չկարենայ մեկնիլ Աբխազիա` մասնակցելու համար այս մրցումին:
Նշենք, որ եւրոպական գօտիին մաս կազմող բոլոր խումբերը մինչեւ 31 հոկտեմբեր պէտք է կատարած ըլլան իրենց զտումի բոլոր մրցումները:


