Անգլիական Քրիսթալ Փալաս ֆութպոլի ակումբը մէկ տարիով երկարաձգեց իր գլխաւոր մարզիչին` Ռոյ Հոճսընի պայմանագրութիւնը:
75 տարեկան անգլիացի ֆութպոլի մասնագէտը նախորդ 21 մարտին երկրորդ անգամը ըլլալով գլխաւորած էր Քրիսթալ Փալասը եւ օգտակար դարձած խումբին, որպէսզի կարենայ մնալ «Փրեմիեր-Լիկ»-ին մէջ:
Ան 2017-2021 ժամանակամիջոցին եղած էր լոնտոնեան ակումբին մարզիչը:
Հոճսըն, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած է նոյնինքն Քրիսթալ Փալասի հետ, 2012-էն 2016 եղած է Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ: