ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովը «Վակներ» սեփական զինուորական ընկերութիւնը ճանչցած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն եւ ԵԱՀԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղած է արգիլելու զայն: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:
Ռուսիան ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամ է, սակայն Քանատայի մէջ տեղի ունեցած այս նիստին չէ մասնակցած:
Բանաձեւը կը մանրամասնէ, որ «Վակներ»-ը գործած է ի շահ ռուսական պետութեան եւ, ինչպէս անցեալ շաբաթ խոստովանած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, ֆինանսաւորուած է պետութեան կողմէ:
Վեհաժողովը նաեւ դատապարտած է Պիելոռուսիան` «Վակներ»-ին աջակցելու եւ իր տարածքին մէջ անոր տեղակայումը ապահովելու համար, ինչ որ կը սպառնայ Պալթեան երկիրներու անվտանգութեան:
Ապրիլի սկիզբը Ռուսիան յայտարարեց ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի անդամավճարներու վճարումը դադրեցնելու մասին, թէեւ ռուս երեսփոխանները ընդգծած են, որ Մոսկուան մտադիր չէ դուրս գալ այս կազմակերպութենէն:
23 յունիսին, ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Փիոթր Թոլսթոյ յայտարարեց, որ պիտի չմեկնի Քանատա, «որովհետեւ ո՛չ ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութիւնը, ո՛չ Քանատան ռուսական պատուիրակութեան բնականոն կեցութիւնն ու բնականոն աշխատանքը ապահովելու երաշխիքներ տուած են»:


