Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխի ղեկավարութիւնը ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ այս ամառ ամէն գնով խումբին միացնելու լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի 29 տարեկան յառաջապահ Հերի Քէյնը:
Գերմանական մամուլին համաձայն, Պայէրն Միւնիխի խորհուրդի նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ անձամբ կը բանակցի Հերի Քէյնի հետ:
Նշուեցաւ, որ միւնիխեան ակումբը պատրաստ է անոր այս փոխանցման համար վճարելու մինչեւ 100 միլիոն եւրօ:
Անգլիոյ ֆութպոլի աւարտած ախոյեանութեան, 38 մրցումի ընթացքին ան նշանակեց 30 կոլ եւ կատարեց 3 էսիսթ:


