Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 16 մարզիկներ հրաւիրուեցան տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբ` պատրաստուելու համար աշխարհի բաժակի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 25 օգոստոսէն 10 հոկտեմբերին, Ինտոնեզիոյ, Ճափոնի եւ Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ:
Փորձերը պիտի սկսին երկուշաբթի, 10 յուլիսին` գլխաւորութեամբ եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիչ Ժատ Հաժի:
Ստորեւ` Լիբանանի ազգային խումբ հրաւիրուած մարզիկներուն անունները.
Ալի Հայտար, Ուաէլ Արաքժի, Ժատ Խալիլ, Ալի Մըզհեր, Ալի Մանսուր, Ամիր Սէուտ, Քարիմ Զէյնուն, Սերճիօ Տարուիշ, Եուսեֆ Խայեաթ, Հայկ Կէօքճեան, Քարիմ Ազզէտտին, Ժերար Հատիտեան, Մարք Խուէյրի, Մարք Խուրի, Նայիմ Ռապայ եւ Ումարի Սփիլմըն:
Խայեաթ խումբին պիտի միանայ 16 յուլիսին, իսկ Սփիլմըն` 26 յուլիսին:
Նշենք, որ Ա. հանգրուանի մրցումներուն Լիբանան, որ մաս կը կազմէ Ը. խմբակին, Ինտոնեզիոյ մէջ պիտի մրցի Ֆրանսայի, Լաթվիոյ եւ Քանատայի դէմ:


