Մարզական

Տեմպելէ Փարիզ Սեն Ժերմեն  Տեղափոխուելու Մտադրութիւն Չունի

Տեմպելէ Փարիզ Սեն Ժերմեն Տեղափոխուելու Մտադրութիւն Չունի

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի յառաջապահ Ուսման Տեմպելէ, Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն տեղափոխուելու մտադրութիւն չունի, այս մասին յայտնեց սպանական մարզական մամուլը: Մայրաքաղաքի կազմը կը մտադրէ 26 տարեկան ֆութպոլիստին ստորագրութիւնը ձեռք ձգել, եթէ պատահի, որ այս ամառ 24 տարեկան Քիլիան Էմպափէ հեռանայ խումբէն: Սակայն Տեմպելէ ամէն գնով մտադիր է իր պայմանագրութիւնը երկարաձգել քաթալոնական ակումբին հետ: Ան...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Սվիաթեք Ապահովեց Քառորդ  Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Սվիաթեք Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) տեղի ունեցող «Ուիմպըլտըն»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, թիւ 1 դասուած Իկա Սվիաթեք (Լեհաստան) ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը, երբ 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պելինտա Պենսիչի (Զուիցերիա) դէմ արձանագրեց 6-7, 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթանակ մը: Քառորդ աւարտականին անոր մրցակիցը պիտի ըլլայ ուքրանացի Էլինա Սվիթոլինա, որ 2-6, 6-4 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը...

«Ֆորմիւլա-1».  Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեանը Մեծ Քայլերով  Կ՛ուղղուի Դէպի Երրորդ Տիտղոս

«Ֆորմիւլա-1». Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեանը Մեծ Քայլերով Կ՛ուղղուի Դէպի Երրորդ Տիտղոս

Նախորդ շաբաթավերջին Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած Սիլվըրսթոնի կրան փրին, որ կ՛իյնայ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2023-ի աշխարհի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, աւարտեցաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան, աւստրիական «Ռետ Պուլ»-ի նետերլանտցի վարորդ Մաքս Վերսթափենի յաղթանակով, որ արձանագրեց` 1 ժամ 25' 16'' արդիւնք մը: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Մաքլարընի անգլիացի վարորդ Լանտրօ Նորիս, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց աշխարհի 7-ակի ախոյեան, «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս...

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի  Երիտասարդական Ախոյեանութիւն.  Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ  1 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Ըմբշամարտ. Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Տիրացաւ 1 Ոսկի, 2 Արծաթ Եւ 3 Պրոնզ Մետալի

Հունգարիոյ Քափոշվար քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան (15 տարեկանէն վար), Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը տիրացաւ 6 մետալի: Հայաստանի հաւաքականէն ոսկի մետալակիր դարձաւ Եղիշէ Մելիքեան (62 քկ), արծաթէ մետալի տիրացան Արմէն Պապիկեան (44 քկ) եւ Բալաբէկ Մարկոսեան (48 քկ), մինչ պրոնզէ մետալով բաւարարուեցան Վլատիմիր Կալինսքի (38 քկ), Սուրէն Իշխանեան (41 քկ) եւ Դաւիթ Դաւթեան (57 քկ): Նշենք,...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի  Պատանեկան Ախոյեանութիւն.  Աննա Ամրոյեան Հանդիսացաւ  Եւրոպայի Ախոյեան

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Պատանեկան Ախոյեանութիւն. Աննա Ամրոյեան Հանդիսացաւ Եւրոպայի Ախոյեան

Հայաստանի ներկայացուցիչ Աննա Ամրոյեան (76 քկ) Մոլտովայի մայրաքաղաք Քիշնեւի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան պատանեկան ախոյեանութեան (15 եւ 17 տարեկանէն վար) հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան: 17 տարեկանէն վար դասակարգի երկամարտի մրցումներուն հայրենի ծանրաբարձը արձանագրեց 209 քկ (92+117) արդիւնք մը: Իսկ 71 քկ դասակարգի մրցումներուն Ալինա Սուքիասեան Հայաստանին ապահովեց պրոնզ մետալ մը` երկամարտի մրցումներուն արձանագրելով 185 քկ (100+85) արդիւնք մը: Այսպիսով, Հայաստան...

Թրքական Ֆութպոլի Նոր Ակումբին  Տարբերանշանը  Շատ Մօտ`  Հայաստանի Զինանշանին

Թրքական Ֆութպոլի Նոր Ակումբին Տարբերանշանը Շատ Մօտ` Հայաստանի Զինանշանին

Թուրքիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Տիարպաքըրսփոր վերանուանուեցաւ Մեսոփոթամիասփոր անունով: Բացի անունէն, փոխուեցաւ նաեւ ակումբին տարբերանշանը, որ գրեթէ նոյնութեամբ յար եւ նման է Հայաստանի զինանշանին: Կատարուեցան գոյներու որոշակի փոփոխութիւններ, հանուեցան խաչերը, իսկ Արարատ լեռը թէեւ մնաց, սակայն անոր վրայ չկայ Նոյեան տապանը: Նշուեցաւ, որ ակումբին սեփականատէրերը քիւրտեր են: Նախապէս, ակումբին տարբերանշանին վրայ կային Տիգրանակերտ քաղաքի պարիսպները, ինչպէս...

Դաւիթ Գրիգորեան` Փիւնիկի  Ակադեմիայի Նոր Գլխաւոր Մարզիչ

Դաւիթ Գրիգորեան` Փիւնիկի Ակադեմիայի Նոր Գլխաւոր Մարզիչ

Փիւնիկի ակադեմիայի մարզչական խմբակին մէջ 2023-2024 տարեշրջանէն առաջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ եւ համալրումներ, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Ռոման Սիմոնեանի փոխարէն խումբը գլխաւորեց Դաւիթ Գրիգորեան, որ մինչ այդ կը մարզէր Փիւնիկ-2007-ի Ա. խումբը: Նախորդ տարեշրջանին Գրիգորեան Հայաստանի 18 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան հանդիսացաւ Բ. խումբի ախոյեան, ինչպէս նաեւ Սոչիի մէջ տեղի ունեցած մանկապատանեկան մրցաշարքի փոխախոյեան: 40 տարեկան...

Հայկական Ֆութպոլ.  Արթուր Միրանեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայկական Ֆութպոլ. Արթուր Միրանեան Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Արթուր Միրանեան հեռացաւ իր ակումբէն` Ալաշկերտէն, այս մասին յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 27 տարեկան ֆութպոլիստը, որ այս տարի միացաւ Ալաշկերտին` իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ, լքեց իր կազմը: Միրանեան, որ Շախտիոր Տոնեցքի սան է նախապէս մաս կազմած է ուքրանական այս ակումբին 17 եւ 19 տարեկանէն վար խումբերուն: Ան նաեւ մաս կազմած է Ուքրանիոյ 17, 18 եւ...

«Եւրօ-2023». 21 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Անգլիա Յաղթեց Սպանիոյ  Եւ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

«Եւրօ-2023». 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Անգլիա Յաղթեց Սպանիոյ Եւ Հանդիսացաւ Տիտղոսակիր

Նախանցեալ օր Վրաստանի մէջ գտնուող «Պաթումի Արենա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցաւ «ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի «ԵՒՐՕ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Անգլիա եւ Սպանիա: Քրթիս Ճոնզի (45+4-րդ) նշանակած կոլին շնորհիւ, Անգլիա արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ տիրացաւ տիտղոսին: Մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (90+9-րդ), օրուան նորվեկիացի իրաւարարը` Էսփեն Էսքաաս, Սպանիոյ ի նպաստ սուլեց...

Տաւիտ Տէ Խէա Հեռացաւ  Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Տաւիտ Տէ Խէա Հեռացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտէն

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Տաւիտ տէ Խէա իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ հեռացաւ իր ակումբէն, այս մասին յայտնեց անոր կազմը` Մանչեսթըր Եունայթըտ: 32 տարեկան ֆութպոլիստը մանչեսթըրեան ակումբին մաս կազմեց 12 տարի: Ան իր կազմին հետ տիրացաւ շարք մը տիտղոսներու, որոնց կարգին` Անգլիոյ ախոյեան, բաժակակիր, Անգլիոյ Լիկայի կրկնակի ախոյեան, Անգլիոյ եռակի գերբաժակակիր եւ «Եուրոփա Լիկ»-ի տիտղոսակիր:  

Ճոն Թերի Վերադարձաւ Չելսի

Ճոն Թերի Վերադարձաւ Չելսի

Անգլիական Չելսիի նախկին յետսապահ Ճոն Թերի վերադարձաւ լոնտոնեան ակումբ: 42 տարեկան անգլիացի մարզիչը, որ 1998-2017 ժամանակամիջոցին իբրեւ ֆութպոլիստ մաս կազմած է Չելսիին, պիտի մարզէ ակումբին ակադեմիան: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստին նախկին ակումբն էր Լայսթըր Սիթի, ուր ան գլխաւոր մարզիչ Տին Սմիթի օգնականն էր: Նշենք, որ Չելսի, որ Անգլիոյ ախոյեանութեան աւարտած տարեշրջանին գրաւեց դասաւորման 12-րդ դիրքը, եօթը տարուան մէջ...

Թենիս. «Ուիմպըլտըն».  Ալքարաս Ապահովեց  Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

Թենիս. «Ուիմպըլտըն». Ալքարաս Ապահովեց Դ. Հանգրուանին Իր Տոմսը

2023 տարուան երրորդ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին` «Ուիմպըլտըն»-ի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, աշխարհի միջազգային դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող սպանացի Քարլոս Ալքարաս նախորդ շաբաթավերջին ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը, շուրջ չորս ժամ տեւած մրցումի մը ընթացքին, 6-3, 6-7, 6-3 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք 28-րդ դասուած չիլիցի Նիքոլա Խարիի դէմ: 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ,...

«Սփինիս»-Լիբանանի Պասքեթպոլի  Ֆետերասիոն Համագործակցութիւն

«Սփինիս»-Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոն Համագործակցութիւն

Յատուկ առիթի մը ընթացքին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սփինիս» ընկերութեան միջեւ գոյացաւ համագործակցութիւն: Վերոնշեալ ընկերութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբի գլխաւոր հովանաւորը` աշխարհի պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին գծով: Այս համաձայնագիրի կնքումին ներկայ էին այդ ընկերութեան պատասխանատուները, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի, ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, այլ անդամներ եւ մարզական լրագրողներ:

«Եւրօ-2024».  Հայաստան-Խրուաթիա Ֆութպոլի  Մրցումին Տոմսերը` Սպառած

«Եւրօ-2024». Հայաստան-Խրուաթիա Ֆութպոլի Մրցումին Տոմսերը` Սպառած

11 սեպտեմբերին, «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Խրուաթիա մրցումը (Դ. խմբակ): Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումին բոլոր տոմսերը սպառած են: Ֆետերասիոնը շնորհակալութիւն յայտնեց ֆութպոլասէր հասարակութեան` այս աննախադէպ աշխուժութեան համար: Նշենք, որ այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ եւ պիտի սկսի ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

Փարիզ Սեն Ժերմեն Ներկայացուց  Իր Երկու Նոր Ֆութպոլիստները

Փարիզ Սեն Ժերմեն Ներկայացուց Իր Երկու Նոր Ֆութպոլիստները

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն ներկայացուց խումբի նորեկներ Մարքօ Ասենսիոն եւ Միլան Սքինիարը: Փարիզեան ակումբը Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ-միջնապահ Ասենսիոյի հետ կնքեց երեք տարուան պայմանագրութիւն մը, մինչեւ 2026: Ինչպէս ծանօթ է, ֆութպոլիստը իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգեց Ռէալ Մատրիտի հետ եւ իբրեւ ազատ ֆութպոլիստ անվճար տեղափոխուեցաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն: Ասենսիօ, որ Մայորքայի սան է, Ռէալ Մատրիտին մաս կը կազմէ 2016-էն...

«Եւրօ-2023»-ի 21 Տարեկանէն Վար  Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` Անգլիա-Սպանիա Աւարտականի Մրցումը

«Եւրօ-2023»-ի 21 Տարեկանէն Վար Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Այսօր` Անգլիա-Սպանիա Աւարտականի Մրցումը

«Պաթումի Արենա» մարզադաշտին մէջ (Վրաստան) այսօր` շաբաթ, 8 յուլիսին տեղի կ՛ունենայ «ԵՒՐՕ-2023»-ի 21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ կը մրցին Անգլիա եւ Սպանիա, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Կիսաւարտականի մրցումներուն, Անգլիա 3-0 արդիւնքով յաղթեց Իսրայէլին, մինչ Սպանիա 5-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուքրանիան: Նշենք, որ Սպանիոյ տղոց խումբը հինգ անգամ տիրացած է տիտղոսին, մինչ Անգլիա` երկու...

Էմպափէ 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը  Պիտի Ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

«Ի. Էս. Փի. Էն.» Էմպափէ` Աշխարհի Լաւագոյն Յառաջապահը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի 24 տարեկան ֆրանսացի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2022-2023 տարեշրջանի աշխարհի լաւագոյն յառաջապահը` ամերիկեան «Ի. ԷՍ. ՓԻ. ԷՆ.»-ի կողմէ: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի մարզիկ Վինիսիուս Ժունիոր, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց արժանթինցի Լիոնել Մեսսի (Փարիզ Սեն Ժերմեն, այժմ` Ինթեր Մայեմի): Լաւագոյն յառաջապահի ընտրութեան մասնակցեցան 50 լրագրողներ: Իսկ կեդրոնի լաւագոյն յառաջապահ ճանչցուեցաւ...

Մոնտիալը Առաջին Անգամ Ըլլալով Կրնայ  Կատարուիլ… Երկու Ցամաքամասերու Մէջ

Մոնտիալը Առաջին Անգամ Ըլլալով Կրնայ Կատարուիլ… Երկու Ցամաքամասերու Մէջ

Միջազգային մարզական մամուլը յայտնեց, որ չորս երկիրներ` Սպանիա, Փորթուգալ, Ուքրանիա եւ Մարոք, իրենց միացեալ թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն հիւրընկալելու համար 2030-ի Մոնտիալը: Եթէ անոնց առաջադրած թեկնածութիւնը ընդունուի, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ երկու ցամաքամասերու մէջ: Վերջերս, Սէուտական Արաբիա յայտարարած էր, որ չի փափաքիր իր թեկնածութիւնը առաջադրել 2030-ի Մոնտիալին: Նշենք, որ ՖԻՖԱ-ն 2030-ի Մոնտիալը հիւրընկալող երկրին անունը պիտի...

«Ի. Էս. Փի. Էն.»  Էմպափէ` Աշխարհի Լաւագոյն Յառաջապահը

Էմպափէ 5 Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Պիտի Ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի Հետ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Էմպափէ հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ Ռէալ Մատրիտի հետ, այս մասին յայտնեց ֆրանսական մարզական մամուլը: Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը ֆրանսական ակումբին հետ նախատեսուած է մինչեւ յունիս 2024: Էմպափէով բաւական մօտէն հետաքրքրուած է նաեւ Լիվըրփուլ:  

Մաունթ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ  Պիտի Կրէ Թիւ 7 Մարզաշապիկը

Մաունթ Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Պիտի Կրէ Թիւ 7 Մարզաշապիկը

Լոնտոնեան Չելսիէն Մանչեսթըր Եունայթըտ տեղափոխուած Մէյսըն Մաունթ իր նոր ակումբին հետ պիտի կրէ թիւ 7 մարզաշապիկը, այս մասին յայտնեց մանչեսթըրեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Եունայթըտի թիւ 7 մարզաշապիկը վերջին անգամ կրած էր փորթուգալցի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն պայմանագրութիւնը անիկա խզած էր նոյեմբեր 2022-ին: 24 տարեկան Մաունթ, որ Չելսիի սան է, անոր մաս կը կազմէր 2005-էն ի վեր: Անոր հետ ան 197...

Page 278 of 1280 1 … 277 278 279 … 1,280

Արխիւներ