Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի Բ. խմբակի տղոց ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 58 կէտի տարբերութեամբ` 102-44 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Սան Մարինոյի դէմ:
Հայրենի կազմէն Սեպասթիան Հացագործեան բաւական մօտ էր թրիփըլ տապըլ մը իրագործելուն (18 կէտ, 14 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ):
Հայաստանի պատանեկան հաւաքականին յաջորդ մրցակիցն է Կիպրոս: