Եուվենթուսի նախկին միջնապահ Խուան Քուատրատօ, տեղափոխուեցաւ Ինթեր Միլան, այս մասին յայտնեց միլանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ան իր նոր ակումբին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց մինչեւ 2024:
35 տարեկան քոլոմպիացիին հեռացման մասին Եուվենթուս յայտարարեց նախորդ ամսուան աւարտին:
Քուատրատօ, որ Եուվենթուսին միացաւ 2015-ին, ընդամէնը 314 մրցումի ընթացքին նշանակեց 26 կոլ եւ կատարեց 65 էսիսթ: