Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի ունեցած միջազգային փառատօնին ընթացքին տեղի ունեցաւ կայծակնային ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը:
Մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ, կրանտմասթըր Տիգրան Յարութիւնեան:
Առաւելագոյն 11 կէտէն 9 կէտ ապահովելով` Տիգրան Յարութիւնեան գրաւեց երրորդ դիրքը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ ան 34 կէտով բարելաւեց կայծակնային ճատրակի դասաւորման մէջ իր վարկանիշը:
Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Շանթ Սարգսեան, որ ապահովեց 8,5 կէտ, գրաւեց 5-րդ դիրքը: