Պայէրն Միւնիխի պատուոյ նախագահ Ուլի Հէօնես իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Թոթենհամին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Հերի Քէյնի Պայէրն Միւնիխ տեղափոխուիլը բաւական մօտալուտ է:
«Ան կը փափաքի միանալ Պայէրնի` նկատի ունենալով, որ մեր կազմը պիտի մասնակցի եւրոպական մրցաշարքերուն, մինչ լոնտոնեան կազմը ատկէ պիտի բացակայի:
«Եթէ ան հաստատ մնայ իր որոշումին վրայ, շուտով անոր հետ պիտի ստորագրենք պայմանագրութիւն մը», ըսաւ Հէօնես:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2022-2023 տարեշրջանին, 29 տարեկան Քէյն 49 մրցումի ընթացքին նշանակեց 32 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ:
Նշենք, որ անոր պայմանագրութիւնը Թոթենհամի հետ կ՛աւարտի յառաջիկայ ամրան: