Անտորայի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 16 տարեկանէն վար աղջկանց պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստանի աղջկանց ազգային հաւաքականը, այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Հայրենի կազմը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Վրաստանը, Մալթան եւ Ճիպրալթարը:
Նշենք, որ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչն է Վահագն Յարութիւնեան:


