Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ-ի Արցախի Սկաուտներու Բացակայութեամբ` Համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ Բանակումին Բացումը` «Խրոխտ, Խիզախ, Միշտ Պատրաստ» Նշանաբանով

July 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Տարուան մը ակամայ ուշացումով, ուրբաթ, 21 յուլիսի երեկոյեան ժամը 6:15-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրին մէջ ընթացք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը` բացման արարողութեամբ մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, անդամներ` Դաւիթ Յակոբեան, Օշին Փիրումեան, Տիրան Վահրատեան, Ֆետի Խաժակ Գազանճեան եւ Թալին Օրտողլեան: Ներկայ էին նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի մէջ Իրաքի եւ Պուլկարիոյ դեսպաններու ներկայացուցիչներ:

Բացման արարողութիւնը ընթացք առաւ բանակողներու հանդիսաւոր կերպով բանակավայր մուտքով: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային եւ Մեկուսի 30 շրջաններէ եւ Իրանի «Արարատ», «Սիփան» եւ «Նայիրի» միութիւններէն 750 բանակողներ կարգապահ շարքերով իրենց տեղերը գրաւեցին դրօշակի կայմերուն դիմաց: Զգալի էր ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներուն բացակայութիւնը: Բոլորը միտքով ու հոգիով այդ պահուն բանակումէն զրկուած Արցախի սկաուտներուն հետն էին:

Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն: Հայաստանի, Արցախի, ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ բանակումի քայլերգներով բարձրացան Հայաստանի, միջազգային սկաուտութեան եւ բանակումի մասնակից շրջաններու երկիրներուն դրօշները: Հանդիսութիւնը վարեց բանակումի հերթապահ Արամ Գայսէրեան, Արեւելեան Միացեալ Նահանգներէն:

Բանակումի Ընդհանուր Խմբապետին Խօսքը

Բանակումի ընդհանուր խմբապետ Պօղոս Մահպուպեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ վերջին չորս տարին աշխարհը եւ հայ կեանքը հարուածած տագնապներուն: Ան նշեց Քորոնայի համաճարակը, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմը եւ ՀՄԸՄ-ական վաստակաւոր անդամներու կորուստը: Մահպուպեան անդրադարձաւ նաեւ բանակումէն Արցախի սկաուտներու բացակայութեան երեւոյթին եւ ըսաւ. «Դժբախտաբար, այսօր մեզի հետ չեն մեր շատ սիրելի ՀՄԸՄ-ի Արցախի տարազաւորները, որոնք անհամբեր կը սպասէին միանալու, ծանօթանալու եւ յիշատակելի պահեր ապրելու մեր բոլորին հետ: Անոնք ակամայ բացակայ են, որովհետեւ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր շրջափակուած են եւ ծանր պայմաններու տակ կը փորձեն ապրիլ եւ գոյատեւել: Թէեւ ֆիզիքապէս իրենց հետ չենք, բայց իրենց ապրած դժուար պայմանները կ՛ապրինք հոգեպէս»:

Ապա, բանակումի ընթացքին մասին խօսելով, Պօղոս Մահպուպեան ծանօթացուց ընդհանուր յայտագիրը եւ ըսաւ. «Միասնաբար պիտի անցընենք անմոռանալի օրեր, կազմենք յիշատակներ, որոնք մեզի պիտի ընկերակցին տարիներ: Մենք` խմբապետական կազմ եւ գործադիր մարմին, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի օժանդակութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորութեամբ մեր լաւագոյնը ըրած ենք եւ պիտի ընենք, որպէսզի համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը եւս ոսկեայ տառերով արձանագրուի ՀՄԸՄ-ի պատմութեան մէջ»:

ՀՄԸՄ–ՀԱՍԿ–ի Ատենապետին Խօսքը

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի անունով խօսք առաւ վարչութեան ատենապետ Սանտրա Վարդանեան: Ան ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ի շնորհիւ Հայաստանի մէջ կրկին կը միաձուլուին սփիւռքի եւ հայրենիքի սիրտերը: Մենք դարձեալ կարելիութիւն կ՛ունենանք միասին անցընելու սկաուտական աւիւնով եւ հայրենասիրութեամբ լեցուն, ստեղծագործ օրեր: Այնքան ուրախալի է բանակավայրին մէջ տեսնել աշխարհի չորս անկիւններէն ժամանած ՀՄԸՄ-ական քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնցմէ շատերը առաջին անգամ ըլլալով Հայաստան կ՛այցելեն եւ այսուհետեւ իրենց հոգիին մէջ կը կրեն հայրենիքի լոյսն ու արեւը, համն ու հոտը, սէրն ու ջերմութիւնը:

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի ատենապետը ցաւով անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներուն բանակումէն բացակայութեան երեւոյթին: Ան ըսաւ. «Թշնամական շրջափակումի պատճառով այսօր Արցախի մէջ ծանր իրավիճակ է: Կը սպառին սննդեղէնի եւ կենսական անհրաժեշտութեան վերջին պաշարները: Այսօր, աւելի քան երբեք, Արցախը մեր սատարումին եւ օգնութեան կարիքը ունի: Երբ բանակումը աւարտի եւ բանակողները իրենց երկիրները վերադառնան, իւրաքանչիւրը թող պատմէ Արցախի մասին եւ ամէն միջոց ի գործ դնէ Արցախի փրկութեան համար: Փառք ու պատիւ այս օրերուն աննկուն պայքարի մէջ գտնուող ՀՄԸՄ-ական քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Մեր խոնարհումը եւ յարգանքը իրենց: Մենք երբեք առանձին չենք ձգեր զիրենք»:

Այնուհետեւ, իր խօսքը ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի բանակողներուն ուղղելով, Սանտրա Վարդանեան ըսաւ. «Այսօր ձեր շարքերուն մէջ կրնային գտնուիլ մեր այն եղբայրները, որոնք նահատակուեցան յանուն հայրենիքի, յանուն Արցախի ազատութեան: Եւ այսօր մեր պարտքն է իրենց ոգեղէն ներկայութիւնը զգալ մեր կողքին, ընել կարելին` բանակումին պատշաճ կազմակերպման եւ իրագործման համար: Թող մեր եղբայրներու հոգին փառաւորուի մեր նուիրումի եւ ազնիւ աշխատանքի շնորհիւ»:

Կեդրոնական Վարչութեան Սկաուտականի Ներկայացուցիչին Խօսքը

Յաջորդ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան սկաուտականի ներկայացուցիչ Թալին Օրտողլեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Նշանաբանները երբեք պատահական ընտրութեան արդիւնք չեն եղած, որովհետեւ անոնք իրենց մէջ խտացուցած են իւրաքանչիւր բանակումի նպատակը»: Օրտողլեան ներկայացուց բանակումին նշանաբանը` «Խրոխտ, խիզախ եւ միշտ պատրաստ»-ը եւ փոխանցեց անոր իմաստն ու խորհուրդը. «Խրոխտ է ՀՄԸՄ-ական սկաուտը, երբ հպարտութեամբ կը տողանցէ հայրենիքէն դուրս, կամ Երեւանի պողոտաներուն վրայ: Խիզախ է ՀՄԸՄ-ական սկաուտը. փաստը` բանակավայրին մէջ ծաղկող «Խիզախներու պուրակ»-ն է, որ խորհրդանիշն է գերագոյն քաջութեան եւ անձնազոհութեան երիտասարդ ՀՄԸՄ-ականներու, որոնք արիաբար նետուեցան հայրենիքի պաշտպանութեան սրբազան գործին` դառնալով գերագոյն զոհողութեան օրինակելի տիպարները: Միշտ պատրաստ է ՀՄԸՄ-ական սկաուտը: Պատրաստ է ծառայելու, պատրաստ է օգնելու, պատրաստ է աշխատելու»:

Ապա, քոյր Թալին Օրտողլեան արտայայտուեցաւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու կարեւորութեան մասին եւ շեշտեց, որ «համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները կը պարգեւեն եզակի առիթը մէկտեղելու աշխարհի չորս ծագերէն հասած հարիւրաւոր սկաուտներ, որոնք թէեւ զիրար չեն ճանչնար, սակայն ՀՄԸՄ-ի դրօշին ներքեւ անոնք կը բարեկամանան, կը մտերմանան եւ անքակտելի կապեր կը հաստատեն իրարու հետ. կապեր, որոնք կը մնան հաստատ` անտեսելով զիրենք բաժնող հազարաւոր մղոնները»: Այս առիթով, իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, օգտուեցէ՛ք ձեզի ընծայուած այս եզակի առիթէն, որմէ զրկուած են ձեզի նման հազարաւոր հայ պատանիներ. ուրախութեամբ եւ հաճոյքով վայելեցէ՛ք այս անկրկնելի պահերը, եւ վերջապէս, հպարտութեամբ բարձրաձայնեցէք եւ գործի վերածեցէք համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումին նշանաբանը` «Խրոխտ, խիզախ, միշտ պատրաստ»-ը»:

Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետին Պատգամը

Բացման հանդիսութեան եզրափակիչ պատգամը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Ան ըսաւ, որ «այս բանակումը յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը կազմակերպուի Քորոնայի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք եւ համաշխարհային քաղաքական, ընկերատնտեսական բարդ պայմաններու մէջ, եւ մանաւանդ` մեր հայրենիքի մէկ անբաժան մասնիկը կազմող Արցախի տակաւին շարունակուող շրջափակման պայմաններուն մէջ: Արդ, բանակումը կը նշէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան, քաջութեան եւ պատրաստակամութեան ոգին, որուն լաւագոյն կրողները կը հանդիսանան ՀՄԸՄ-ի սկաուտները»:

Վաչէ Նաճարեան համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու պատմութեան անդրադառնալով յայտնեց, որ այս տարի համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումները կը բոլորեն իրենց 45-ամեակը: Համա-ՀՄԸՄ-ական առաջին բանակումը տեղի ունեցած է 1978-ին, Յունաստան, 226 մասնակիցներով: Այս տարի կը լրանայ նաեւ համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումներու Հայաստանի մէջ կազմակերպման 29-ամեակը, տրուած ըլլալով, որ միութիւնը համա-ՀՄԸՄ-ական իր բանակումները մայր հայրենիքի մէջ կը կատարէ 1994-էն ի վեր: Ցարդ կատարած է 8 բանակումներ, 6-ը իր սեփական բանակավայրին մէջ, որ 30 հոկտեմբեր 2021-էն ի վեր ստացած է «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայր անունը, ի յիշատակ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան երախտաշատ նախկին ատենապետին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ բանակավայրին ընդարձակման, վերանորոգման աշխատանքներուն եւ վերջին քանի մը բանակումներու կազմակերպման մէջ:

Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը իր խօսքին մէջ յատուկ ողջոյն յղեց բանակումի մասնակցութեան կարելիութենէն զրկուած ՀՄԸՄ-ի Արցախի սկաուտներուն, երբ ըսաւ. «Արցախի ՀՄԸՄ-ական սկաուտները սկզբունքով այսօր մեզի հետ հոս պէտք է ըլլային, սակայն մեզի հետ չեն ֆիզիքապէս: Մենք վստահ ենք, սակայն, որ անոնք մեզի հետ են հոգեպէս, միտքով ու հոգիով, ինչպէս որ Արցախը ներկայ է հոս գտնուող իւրաքանչիւր բանակողի հոգիին ու սրտին մէջ: Մեր զօրակցութիւնը Արցախին եւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղի սկաուտներուն: Յոյսով ենք, որ արգելքները շուտով կը վերանան, եւ մենք կը հանդիպինք դարձեալ»:

Այնուհետեւ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը խօսեցաւ սկաուտութեան ներկայացուցած կարեւորութեան մասին եւ հաստատեց, որ «ՀՄԸՄ-ի սկաուտութիւնը միշտ եղած է բարի ուժ` նպաստելով այն գաղութներուն, ուր կը գործէ ան, նպատակ ունենալով հայրենիքը, եւ օրինակ ունենալով հայ գիտակից եւ տիպար քաղաքացին, հայրենիքէն ներս թէ դուրս, բայց միշտ` հայրենիքի շունչով»: Ուստի, իր խօսքը բանակող սկաուտներուն ուղղելով, ան ըսաւ. «Այս բանակումին նշանաբանը` «Խրոխտ, խիզախ, միշտ պատրաստ»-ը մարմնաւորելով դուք պարտականութիւնը ունիք զօրացնելու սփիւռքի մեր գաղութները: Ձեր նպատակը պիտի ըլլայ ոգեշնչել ուրիշները` հետեւելու ձեր առաջնորդութեան եւ գործօն ըլլալ` հասնելու համար ձեր նպատակին: Ցոյց տուէք քաջութիւն` պաշտպանելու ճիշդը, հպարտացէք ձեր ժառանգութեամբ եւ միշտ պատրաստ եղէք օգնութեան ձեռք երկարել կարիքաւորին, հաւատարիմ` սկաուտական ձեր դաւանանքին եւ երդումին: Դո՛ւք, նոր սերունդի ներկայացուցիչներ, ձեր նախնիներուն նման, կրնաք ըլլալ դրական փոփոխութիւններու հզօր ուժ` հայ ժողովուրդի գոյատեւման ճամբուն վրայ»:

Իր պատգամին աւարտին, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ բանակումը եւ յաջողութիւն մաղթեց բանակումի աշխատանքներուն:

Հուսկ, բացման արարողութիւնը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:

 

 

Նախորդը

«Եուրոփա Քոնֆըրընս Լիկ». Փիւնիկ Երեւան, Արարատ Արմենիա Եւ Ալաշկերտ Ապահովեցին Բ. Հանգրուանի Իրենց Տոմսերը

Յաջորդը

Նեթանիահու Այս Ամսուան Վերջաւորութեան Թուրքիոյ Մէջ Հանդիպում Պիտի Ունենայ Էրտողանի Հետ

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.