Լոնտոնեան Թոթենհամի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Հերի Քէյն իր պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ իր ակումբին հետ, այս մասին յայտնեց անոր ակումբին ղեկավարութիւնը:
29 տարեկան ֆութպոլիստը որ իր կազմին հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2024-ի ամառը, այդ թուականէն ետք պիտի դառնայ ազատ ֆութպոլիստ մը եւ կրնայ միանալ իր նախասիրած ակումբին:
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պայէրն Միւնիխ թէեւ կը փորձէ մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին իր կազմին միացնել Քէյնը, սակայն ցարդ կատարուած բանակցութիւնները որեւէ արդիւնք չեն տուած:
2022-2023 տարեշրջանին ան իր կազմին հետ 49 մրցումի ընթացքին նշանակեց 32 կոլ եւ կատարեց 5 էսիսթ: