Եւրոպայի պասքեթպոլի տղոց Գ. դասակարգի Բ. խմբակի տղոց ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մրցեցաւ Կիպրոսի դէմ, արձանագրեց 76-63 արդիւնքով բաւական կարեւոր յաղթանակ մը:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Հայաստանէն Ուիլիամ Ղարաբէկեան (19 կէտ, 8 ռիպաունտ եւ 4 էսիսթ):
Հայաստան, որ իր կատարած առաջին մրցումին 58 կէտի տարբերութեամբ` 102-44 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրած էր Սան Մարինոյի դէմ, իր երրորդ մրցումը պիտի կատարէ Ազրպէյճանի դէմ:


