Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած Պաթումիի ճատրակի 7-րդ միջազգային մրցաշարքին, Հայաստանի ներկայացուցիչները արձանագրելով բաւական տպաւորիչ արդիւնքներ, գրաւեցին մրցանակային 17 դիրքեր:
Ա., Բ. եւ Գ. մրցաշարքերուն կողքին տեղի ունեցան նաեւ տղոց եւ աղջկանց 8, 10, 12, 14 եւ 16 տարեկան դասակարգերու մրցումներ:
Ա. մրցաշարքին գծով, թէեւ Էրիկ Յակոբեան գրաւեց 4-րդ դիրքը, սակայն ամբողջացուց միջազգային վարպետի կոչումը: