Եւրոպայի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Ա. խմբակի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Անտորրայի մէջ կատարեց իր երկրորդ մրցումը:
Հայրենի կազմը, որ իր կատարած առաջին մրցումին մրցեցաւ Ճիպրալթարի դէմ, արձանագրեց 99-36 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս մրցումին, Հայաստանէն 33 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց Սեդա Գաբրիէլեան:
Երկրորդ մրցումին սակայն, Հայաստան Մալթայէն կրեց 62-46 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Հայաստանէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Սեդա Գաբրիէլեան (19 կէտ, 10 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ), այս մասին յայտնեց Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: