Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տեւըն Պուքըրի 3 Կէտերը Օգնեցին Ֆէօնիքսի 7-րդ Յաջորդական Յաղթանակին

November 28, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Նիւ Եորքի մէջ, Ֆէօնիքս Սանզ առանց իր թիւ 1 աստղ Քեւըն Տիւրենթի (2-րդ մրցումը ըլլալով վիրաւոր), շնորհիւ Տեւըն Պուքըրի 3 կէտին կրցաւ յաղթական վերադառնալ Նիւ Եորքի Նիքսի Մետիսըն Սքուեր Կարտընէն:

Նիւ Եորք Նիքս 3-րդ մասին մօտեցաւ եւ 2 կէտով անցաւ Ֆէօնիքսի, բայց Ֆէօնիքս, որ մրցումի սկիզբը 15 կէտի առաւելութիւն մըն ալ ունէր, կրցաւ վերջին վայրկեաններուն վճռական ըլլալ:

Տեւին Պուքըրի վրայ խիստ հսկողութիւն կար, եւ Պուքըր գոհ էր փոխանցելու աւելի լաւ դիրքի վրայ եղող խմբակիցի մը, բայց երբ մրցումին 1,7 երկվայրկեան կար եւ արդիւնքը 103-103 էր, ան ճնշումի տակ 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` յաղթանակը նուիրելով իր խումբին` Ֆէօնիքս Սանզի:

Էրիք Կորտըն նշանակեց վեց 3 կէտնոց կողովներ, ընդամէնը 25 կէտ եւ եղաւ Ֆէօնիքսի ամէնէն ազդու տարրերէն Պուքըրի ետին, որ 28 կէտ եւ 11 էսիսթ կատարեց: Նասիր Լիթըլ երեք անգամ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ապահովելով 11 կէտ, մինչ Ճորտըն Կուտուին աւելցուց 11 կէտ: Եուսուֆ Նորքիչ 8 կէտ եւ 10 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:

Նիւ Եորքի կողմէ Ճէյլըն Պրունսըն 35 կէտ եւ 8 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Ճուլիըս Ռենտըլ 28 կէտ աւելցուց:

Աթլանթայի մէջ, Պոսթըն Սելթիքս 113-103 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի: Ճէյսըն Թէյթըմ 34 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Թրէյ Եանկ 33 կէտ եւ 7 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Աթլանթայի:

Ախոյեան Տենվըր Նակեթց 132-120 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ մրցումէն: «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչ 39 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 9 էսիսթ իրագործեց, մինչ Վիքթոր «Ուեմպի» ՈՒեմպանյամա 22 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Սփըրզի:

Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

Միլուոքի Պաքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 108-102
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 97-119
Օրլանտօ Մեճիք – Չարլոթ Հորնեթց 130-117
Նիւ Եորք Նիքս – Ֆէօնիքս Սանզ 113-116
Պոսթըն Սելթիքս – Աթլանթա Հոքս 113-103
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-102
Պրուքլին Նեթց – Շիքակօ Պուլզ 118-109
Տենվըր Նակեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 132-120

 

Նախորդը

Խմբագրական «Զգոյշ»- ի. Մարդկութեան Խլացնող Լռութիւնը

Յաջորդը

Թենիս. Իտալիա Շահեցաւ «Տէյվիս» Բաժակը 1976-էն Ետք Առաջին Անգամ Ըլլալով

RelatedPosts

Ուասլ.  Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)
Մարզական

Ուասլ. Սաժես Յաղթեց Արապիի (90-85)

October 3, 2026
Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ Նասր Քամեր Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Տիտղոսի Մրցում` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Պըրժ

October 3, 2026
«Սփարք Լիկ».  Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս
Մարզական

«Սփարք Լիկ». Վաղը` ՀՄԸՄ – Ֆինիքս

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.