Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Կը Հետեւի Տենվըրի…

November 27, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան շաբաթավերջին, եւ Տենվըր Նակեթցի նման Տալաս Մեւրիքս վերջին 10 մրցումներուն կրեց իր 5-րդ պարտութիւնը:

Արդարեւ, Տալաս, որ կը նկատուէր «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն լաւ յարձակողական խումբերէն, երէկ 37 տոկոս կրցաւ նշանակել, մինչ 3 կէտնոց կողովները, որոնք միշտ վճռական կ՛ըլլային ի նպաստ Տալասի, 23 տոկոս յաջողութիւն ունէին միայն:

Տալաս 107-88 արդիւնքով տեղի տուաւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի դէմ մրցումին, վերջինիս դաշտին վրայ:

Լուքա Տոնչիչ (30 կէտ) եւ Քայրի Ըրվինկ (26 կէտ) կրցան իրենց կարելին ընել, բայց իրենց խմբակիցները նոյնքան արդիւնաւէտ չէին:

Քլիփըրզի աստղերէն Փոլ Ճորճ 25 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Թրենս Մեն 17 կէտ, Ռասըլ Ուեսթպրուք 14 կէտ, 7 էսիսթ, Նորմըն Փաուըլ 15 կէտ եւ խրուաթ Իվիցա Զուպաց 11 կէտ, 14 ռիպաունտ նշանակեցին ի նպաստ Քլիփըրզի: Քուայ Լենըրտ եւ Ճէյմս Հարտըն 8-ական կէտեր նշանակելով ի նպաստ Լոս Անճելըս Քլիփըրզի, որ 15 մրցումներու ընթացքին իր 7-րդ յաղթանակը ձեռք ձգեց:

Օր մը առաջ, ախոյեան Տենվըր Նակեթց 105-86 արդիւնքով ծանր եւ անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Հիւսթընի մէջ տեղւոյն Ռոքեթցէն:

Ծանր օր մըն էր Տենվըրի համար, բայց իր սերպ աստղ Նիքոլա Եոքիչի համար մրցանիշի օր էր:

Արդարեւ, կիսախաղին, երբ 60-43 էր արդիւնքը, Եոքիչ 25 կէտ, 13 ռիպաունտ եւ 3 էսիսթ ձեռք ձգած էր` դառնալով առաջին մարզիկը, որ մրցումի առաջին մասերէն ետք այսքան կէտ, ռիպաունտ եւ էսիսթ ձեռք կը ձգէ: Պէտք է ըսել նաեւ, որ 1996-էն վերջ է, որ «Էն. Պի. Էյ.» սկսաւ կարեւորութիւն տալ մարզիկներուն կատարած մանրամասն իրագործումներուն:

Միայն Ժոել Էմպիիտ եւ Անթոնի Տէյվիս ձեռք ձգած էին առնուազն 25 կէտ եւ 13 ռիպաունտ, բայց առանց էսիսթի:

Մինչ Եոքիչի այս մրցանիշը սքանչելի իրագործում էր յարձակողական գետնի վրայ, սակայն անիկա բաւարար չէր, որ իր խումբը մօտենայ նոյնիսկ Հիւսթընի կէտերուն: Ճիշդ է, որ Եոքիչ իր կարելին կ՛ընէ, բայց պէտք ունի իր խմբակիցներուն ալ, որոնք պէտք է իրենց լաւագոյնը ցուցաբերեն` Ճամալ Մարիի բացակայութեան: Մարի անցեալ 5 նոյեմբերին վիրաւորուած էր Շիքակօ Պուլզին դէմ մրցումին:

Ստորեւ` շաբաթավերջին արդիւնքները.

Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէօնիքս Սանզ 89-110
Նիւ Եորք Նիքս – Մայեմի Հիթ 100-98
Թորոնթօ Ռէփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 121-108
Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ – Սաքրամենթօ Քինկզ 111-124
Հիւսթըն Ռոքեթց – Տենվըր Նակեթց 105-86
Միլուոքի Պաքս – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 131-128
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 136-113
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 118-112
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 106-116

ԵՐԷԿ

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 123-127
Պրուքլին Նեթց – Մայեմի Հիթ 112-97
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Աթլանթա Հոքս 108-136
Քլիվլենտ Քեւելիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 115-121
Եութա Ճեզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 105-100
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Տալաս Մեւրիքս 107-88

 

Նախորդը

Ո՞վ Կը Վախնայ ՀՅԴ-էն

Յաջորդը

Թերի Վենեպըլզ Ոչ Եւս Է

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.