Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները կը սկսին այսօր ժամը 21:45-ին, ուր Շանվիլ դպրոցի դաշտին վրայ Մարիսթ կը հիւրընկալէ ախոյեան Ռիատին:
Մարիսթ իր 4 մրցումներուն կրցած է յաղթել ՀՄԸՄ-ի, Մէյրուպայի եւ «Էն. Էս. Էյ.»-ի եւ պարտութիւն մը կրած Պէյրութէն:
Ռիատի իր 4 մրցումներուն կրցած է յաղթել Մէյրուպայի, «Էն. Էս. Էյ.»-ի եւ Անդրանիկի եւ պարտութիւն մը կրած` Անթունիէէն:
Վաղը կը շարունակուին մրցումները, ուր Սաժես ժամը 7:00-ին պիտի հիւրընկալէ Մէյրուպան:
Կիրակի օր ժամը 16:45-ին Անդրանիկ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ ՀՄԸՄ-ը:
Ստորեւ այս հանգրուանի մրցումները եւ դասաւորումը` 4 հանգրուաններէ ետք.
Այսօր` ժամը 21:45-ին Մարիսթ – Ռիատի
Վաղը` ժամը 19:00-ին Սաժես – Մէյրուպա
Ուրբաթ` ժամը 16:45-ին Հուփս – «Էն. Էս. Էյ.»
Շաբաթ` ժամը 16:45-ին Անթունիէ – Պէյրութ
Կիրակի` ժամը 16:45-ին Անդրանիկ – ՀՄԸՄ
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Սաժես 4 յաղթանակ 0 պարտութիւն 8 կէտ
2.- Պէյրութ 3 յաղթանակ 1 պարտութիւն 7 կէտ
3.- Ռիատի 3 յաղթանակ 1 պարտութիւն 7 կէտ
4.- Մարիսթ 3 յաղթանակ 1 պարտութիւն 7 կէտ
5.- ՀՄԸՄ 2 յաղթանակ 2 պարտութիւն 6 կէտ
6.- Հուփս 2 յաղթանակ 2 պարտութիւն 6 կէտ
7.- Անդրանիկ 1 յաղթանակ 3 պարտութիւն 5 կէտ
8.- Անթունիէ 1 յաղթանակ 3 պարտութիւն 5 կէտ
9.- Մէյրուպա 1 յաղթանակ 3 պարտութիւն 5 կէտ
10.- «Էն. Էս. Էյ.» 0 յաղթանակ 4 պարտութիւն 4 կէտ


