Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ Վաղը` Եուվենթուս – Ինթեր Միլան

Նոյեմբեր 25, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր, «Փրեմիեր լիկ»-ի 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով «գագաթի մրցում»-ը` իրար դէմ պիտի հանէ ախոյեան Մանչեսթըր Սիթին (առաջին) եւ Լիվըրփոլը (երկրորդ): 1 կէտի առաւելութիւն ունեցող Սիթիի մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա յոյսով է, որ կրնայ դաշտ ներկայանալ նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտի հետ: Հաալանտ Նորվեկիոյ ազգային խումբին հետ մէկ ելոյթին վիրաւորուած էր, բայց քանի մը օրէ ան թեթեւ վազքերու կը մասնակցի: Քեվըն տը Պրունյը եւ Ճոն Սթոնզ վիրաւոր են եւ բացակայ այսօրուան մրցումէն: Հաալանտի կողքին կասկածելի վիճակ ունին Նաթան Աքէ, Սերխիօ Կոմես, Մաթէօ Քովասիչ, Մաթէուս Նունես եւ բերդապահ Էտերսոն, որոնք թեթեւ վիրաւոր են: Լիվըրփուլի կողմէ, Էնտրա Ռոպըրթսըն, Սթեֆան Պայչեթիչ եւ Թիակօ Ալքանթարա պիտի բացակային վիրաւոր ըլլալու պատճառով, մինչ կասկածելի է Ճօ Կոմեսի, Ռայըն Կրավընպերխի, Քըրթիս Ճոնզի եւ Իպրահիմա Քոնաթէի մասնակցութիւնը. անոնք բոլորն ալ դարմանումի մէջ են:

Լիվըրփուլ վերջին 5 մրցումներուն պարտութիւն չէ կրած (3 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն), մինչ Սիթի 1 պարտութիւն, 3 յաղթանակ եւ վերջին մրցումին հաւասարութիւն արձանագրած էր Չելսիի դէմ:

Այս մրցումի արդիւնքէն պիտի փորձէ օգտուիլ Արսենալ, որ կոլերով կը մնայ Լիվըրփուլէն միայն եւ համեմատաբար աւելի դիւրին մրցում մը ունի կատարելիք Պրենթֆորտի դաշտին վրայ:

Վաղը` Էվըրթըն, որ 10 կէտի տուգանքի ենթարկուեցաւ փոխանցումներու դրամական հաշիւներու կանոնագրային խախտումներու պատճառով, պիտի հիւրընկալէ Մանչեսթըր Եունայթըտը: Նշենք, որ Մանչեսթըր Սիթի 2 տարիէ ի վեր դաշտի մէջ է, նոյն դրամական կանոնագրային խախտումներուն կասկածով: Հաւանաբար 2024-ի յունուարին վերջ կը գտնէ դատը եւ վճիռը կ՛արձակուի:

Ստորեւ` 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Մանչեսթըր Սիթի – Լիվըրփուլ
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Պրայթըն
Լիւթըն Թաուն – Քրիսթըլ Փելես
Պըրնլի – Ուեսթ Համ
Շեֆիլտ Եունայթըտ – Պորնմաութ
Նիւքեսըլ – Չելսի
Պրենթֆորտ – Արսենալ

ՎԱՂԸ
Թոթենհամ – Ասթոն Վիլա
Էվըրթըն – Մանչեսթըր Եունայթըտ

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ֆուլհամ – Վուլվզ

ԻՏԱԼԻԱ

«Սերի Ա.»-ի 13-րդ հանգրուանի «գագաթի մրցումը» իրար դէմ պիտի հանէ Եուվենթուսը եւ Ինթեր Միլանը, վաղը ժամը 21:45-ին:

Ինթեր 12 մրցումներու ընթացքին 10 յաղթանակ արձանագրած է եւ 1 հաւասարութիւն, մինչ Եուվէ, որ Թորինոյի մէջ կը հիւրընկալէ Ինթերը, 9 յաղթանակ եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրած է:

«Իտալիոյ տերպի» կոչուող այս մրցումը կրնայ այս տարուան ախոյեանը կանուխէն որոշել, ըստ իտալացի մասնագէտներու: Ինթեր Միլան անցեալ տարուան «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտականի ելոյթէն ետք շատ աւելի ինքնավստահ դարձած է, եւ ըստ իրեն Մանչեսթըր Սիթիէն աւելի արժանի էր շահելու այդ բաժակը: Միւս կողմէ, շատեր կը կարծէին, թէ Եուվէ, որ անցեալ տարի 10 կէտի պատիժ մը ստացած էր դրամական անկանոն արխիւներու պատճառով, առաւել Փոլ Փոկպայի աշխուժացնող դեղեր գործածելու պատիժէն ետք, պիտի նահանջէ, Եուվէ զարմանալիօրէն աւելի լաւ խաղալու սկսած է, եւրոպական բաժակներէ ալ դուրս մնալով կեդրոնացած է «Սերի Ա.»-ի վրայ եւ մեծամասնութեամբ երիտասարդներով լաւ ելոյթներ կը ցուցաբերէ:

Ստորեւ` 13-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Սալերնիթանա – Լացիօ Ռոմա
Աթալանթա – Նափոլի
Ա. Սէ. Միլան – Ֆիորենթինա

ՎԱՂԸ
Քալիարի – Մոնզա
Ֆրոսինոնէ – Ճենովա
Էմփոլի – Սասուլօ
Ա. Էս. Ռոմա – Ուտինեզէ
Եուվենթուս – Ինթեր Միլան

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Վերոնա – Լեչէ
Պոլոնիա – Թորինօ

ՍՊԱՆԻԱ

«Լա լիկա»-ի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով, պարագլուխի անակնկալ կազմը` Ժիրոնա, երկուշաբթի գիշեր պիտի հիւրընկալէ 5-րդ դիրքը գրաւող Աթլեթիք Պիլպաոն:

Այսօր կէսօրէ ետք ժամը 15:00-ին 10-րդ դիրքը գրաւող Ռայօ Վայեքանօ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ: Ռէալ Մատրիտ, որ 2 կէտով ետ կը մնայ Ժիրոնայէն եւ 2 կէտով կը գերազանցէ Պարսելոնան, վաղը ժամը 19:30-ին պիտի մեկնի 16-րդ դիրքը գրաւող Քատիսի դաշտը:

Ստորեւ` 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

Ռայօ Վայեքանօ – Պարսելոնա
Վալենսիա – Սելթա
Խեթաֆէ – Ալմերիա
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Մայորքա

ՎԱՂԸ
Վիարէալ – Օսասունա
Ռէալ Սոսիետատ – Սեւիա
Քատիս – Ռէալ Մատրիտ
Ռէալ Պեթիս – Լաս Փալմաս

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Ժիրոնա – Աթլեթիք Պիլպաօ

ԳԵՐՄԱՆԻԱ

«Պունտըսլիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքը գրաւող Պայեր Լեւերքուզըն պիտի մրցի Վերտըր Պրեմընի դաշտին վրայ: Պրեմըն, որ 12-րդ դիրքը կը գրաւէ, դժուար մրցում մը ունի կատարելիք սպանացի Չաւի Ալոնսոյի մարզած Լեւերքուզընի դէմ, որ բաւական գեղեցիկ, խմբային խաղաոճ մը կը կիրարկէ:

Տարուան անակնկալ խումբերէն Շթութկարթ, որ 3-րդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի մեկնի Ֆրանքֆորթ` մրցելու տեղւոյն Այնթրախթ Ֆրանքֆորթի դէմ:

Ստորեւ` 12-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

Վերտըր Պրեմըն – Պայեր Լեւերքուզըն
Տորթմունտ – Մէօնշընկլատպախ
Ֆրայպուրկ – Տարմշթատ
Վոլֆսպուրկ – Լայփցիկ
Ունիոն Պերլին – Աուկզպուրկ
Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ – Շթութկարթ

ՎԱՂԸ
Հայտընհայմ – Պոխում
Հոֆընհայմ – Մայնց

ՖՐԱՆՍԱ

«Լիկ 1»-ի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին տեղի պիտի ունենան հետեւեալ մրցումները.

Քլերմոն Ֆութ – Լանս
Սթրազպուրկ – Մարսէյ

ՎԱՂԸ
Նիս – Թուլուզ
Լորիան – Մեձ
Մոնփելիէ – Պրեսթ
Նանթ – Լը Հաւըր
Ռեն- Ռենս
Լիոն – Լիլ

 

Նախորդը

Հաալանտ Եւ Էմպափէ` Ռէալ Մատրիտի «Հսկողութեան Տակ»

Յաջորդը

Վաղը` Անդրանիկ – ՀՄԸՄ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?