Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն` Շաբթուան Լաւագոյն Խումբը. Եոքիչ` Լաւագոյն Մարզիկը

Նոյեմբեր 25, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի 5-րդ շաբթուան մրցումներէն ետք, Պոսթըն Սելթիքս, որ անցեալ շաբաթ 4-րդ դիրքը կը գրաւէր, այժմ բարձրացած է առաջին դիրք:

Սելթիքս առաջին խումբն էր, որ 10 յաղթանակ արձանագրած էր, եւ խումբը առաջին դիրքը կը գրաւէ լաւագոյն պաշտպանողական խումբերու դասաւորման մէջ:

Երկրորդ դիրքը պահեց Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ Պոսթընի ետին, բայց անոր հիմնական ուժը յարձակողականն է:

Տեւըն Պուքըր, Ռուտի Կոպեր եւ Քարլ – Անթոնի Թաունզ շատ լաւ վիճակի մէջ են` օգնելով Թիմպըրվուլվզի, որ միայն 3 պարտութիւն կրած է 12 մրցումներու ընթացքին:

Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ, որ անցեալ շաբաթ առաջին դիրքը կը գրաւէր, նահանջեց 3-րդի, երբ 2 յաջորդական պարտութիւններ կրեց Ինտիանայէն եւ Պութլնէն: Ժոել Էմպիիտ եւ Թայրիս Մեքսի լաւագոյն 10 մարզիկներուն մաս կը կազմեն, իսկ Տոնավան Միչելի վերադարձով (վիրաւոր) Ֆիլատելֆիա գրեթէ անզսպելի կրնայ դառնալ:

4-րդ դիրքը կը գրաւէ անցեալ տարուան ախոյեան Տենվըր Նակեթց, որ 7 դիրք նահանջեց, հակառակ անոր որ իր դաշտին վրայ տակաւին անյաղթ կը մնայ:

Օլահոմա Սիթի Թանտըր 1 դիրքով բարելաւեց իր դիրքը եւ այժմ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` յաղթելով վերջին 8 մրցումներէն 7-ին:

Մարզիկներու պարագային, Տենվըրի հսկայ սերպը` Նիքոլա Եոքիչ կը գրաւէ առաջին դիրքը` նշանակելով միջին հաշուով 30 կէտ, 13,9 ռիպաունտ եւ 8,4 էսիսթ: Տենվըր Նակեթց անգամ մը եւս վերջին հանգրուաններուն հասնելու մեծ յոյսեր ունի շնորհիւ Եոքիչի:

Երկրորդ դիրքը կը գրաւէ սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ, որ Տալաս Մեւրիքսի հետ կը նմանի Եոքիչի` Տենվըրի հետ: Ճիշդ է, որ Եոքիչ սենթըր է եւ աւելի առիթ ունի իր խաղընկերներուն կեդրոնը գտնուելով, բայց Տոնչիչի պարագային կարտ ըլլալով հանդերձ ան միջին հաշուով 30,7 կէտ, 7,8 ռիպաունտ եւ 8,1 էսիսթ կը կատարէ` գլխաւորելով «Էն. Պի. Էյ.»ի 2-րդ ամէնէն աւելի կէտ նշանակող Տալաս Մեւրիքսը: 58 թրիփըլ տապըլ ձեռք ձգած Տոնչիչ 1 թրիփըլ տապլի պէտք ունի` հաւասարելու Լետի Պըրտի` 9-րդ դիրքը գրաւելու «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան էջերուն մէջ:

3-րդ դիրքը կը գրաւէ Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի մարզիկ Ժոել Էմպիիտ: Էմպիիտ, որ արեւելեան շրջանի լաւագոյն մարզիկը ընտրուեցաւ 12-րդ անգամ ըլլալով, Պոսթընի դէմ միայն 20 կէտ նշանակեց եւ նահանջեց 1 դիրք: Ան միջին հաշուով նշանակած է 31,9 կէտ, 11,5 ռիպաունտ եւ 5,8 էսիսթ կատարած է:

4-րդ դիրքը պահեց Ճէյսըն Թէյթըմ (Պոսթըն Սելթիքս): Պոսթըն կը մնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն խմբային խաղաոճ կիրարկող խումբը, եւ Թէյթըմ, հակառակ իր շուրջի խաղընկերներու փոփոխութիւններուն միշտ կայուն կը մնայ` դառնալով պատմութեան 15-րդ մարզիկը, որ 10 հազարէն աւելի կէտ նշանակած է 26 տարեկան չեղած:

Ան միջին հաշուով 28,5 կէտ, 8,8 ռիպաունտ եւ 4,1 էսիսթ կը կատարէ: 5-րդ դիրքը պահած է նաեւ Շէյ Կիլճիուս Ալեքսանտր (Օքլահոմա Սիթի Թանթըր), որ կը գլխաւորէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի 3-րդ ամէնէն երիտասարդ խումբը: Ան միջին հաշուով կը նշանակէ 28,8 կէտ, 6,5 ռիպաունտ եւ 6 էսիսթ:

Նախորդը

Խօսելու Հաճոյքը

Յաջորդը

Հաալանտ Եւ Էմպափէ` Ռէալ Մատրիտի «Հսկողութեան Տակ»

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն.  Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա
Մարզական

Դ. Դասակարգի Լեռնալիբանանի Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռիատի Պարժա

Յուլիս 12, 2025
ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում.  Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ
Մարզական

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստան 105-րդ Դիրքի Վրայ

Յուլիս 12, 2025
Եւրոպական Բաժակներ.  Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն
Մարզական

Եւրոպական Բաժակներ. Հայկական Խումբերու Ելոյթները` Զտումի Մրցումներուն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?