Այսօր ժամը 15:00-ին «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրի պասքեթպոլի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին գծով «Էն. Էս. Էյ.» – ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը:
Անթիլիասի մէջ աղջիկները առաջին մրցումին 55-43 արդիւնքով յաղթանակ մը տարած էին Հոփսի դէմ, մինչ «Էն. Էս. Էյ.» 85-41 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Պէյրութի խումբէն:
2-րդ հանգրուանի առաջին մրցումին, Ռիատի արձանագրած էր իր 2-րդ յաղթանակը` 93-32 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շիյահի խումբին, վերջինիս դաշտին վրայ: Ռիատի իր առաջին մրցումին 77-35 արդիւնքով յաղթած էր Թաատոտին, մինչ Շիյահ 73-36 արդիւնքով պարտուած էր Շանվիլէն:
Ստորեւ` առաջին հանգրուանի ընդհանուր արդիւնքները.
Մթայլեպ – Անդրանիկ 63-60
Շանվիլ – Շիյահ 73-36
«Էն. Էս. Էյ.» – Պէյրութ 41-85
Ռիատի – Թաատոտ 77-35
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Հուփս 55-43
Այսօր նաեւ Անդրանիկ կը մրցի Չեմփսի դէմ: