Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայերն Միւնիխ Կը Մտածէ Ձգել Վարանը, Իսկ Եունայթըտ` Կրիզմանը

Նոյեմբեր 24, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխ ակումբը լրջօրէն կը մտածէ ձեռք ձգել յետսապահ մը, որմէ կրնայ օգտուիլ ձմեռնային փոխանցումներու առիթէն: Քանի մը օր առաջ հետաքրքրուելէ ետք Արսենալի ճափոնցի յետսապահ Թաքեհիրօ Թոմիյասուով, երէկ Արսենալ կապուեցաւ գերմանական ակումբին, թէ չի մտածեր «ծախել» Թոմիյասուն: 25 տարեկան ճափոնցի պաշտպանը կրնայ խաղալ որեւէ դիրքի վրայ` ձախէն աջ, եւ նոյնիսկ կեդրոնի պաշտպան, դիրք մը, որ կը խաղայ ազգային խումբին հետ:

Պայերն նախապէս հետաքրքրուած էր ֆրանսացի Ռաֆայէլ Վարանով, մանաւանդ որ վերջինը ուրախ չէ իր վիճակէն` Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ:

Եունայթըտ իր կարգին կ՛ուզէ ձեռք ձգել ֆրանսացի Անթուան Կրիզմանը, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ շատ լաւ օրերու մէջ կը գտնուի:

Եունայթըտ կը մրցի Արսենալի հետ ձեռք ձգելու պրազիլցի յառաջապահ Մարքոս Լէոնարտոն` Սանթոսէն: Լէոնարտոյի գործակատարը յայտնեց, որ մարզիկը յունուարին պատրաստ է մեկնելու Անգլիա` միանալու խումբի մը, որուն անունը չյայտարարեց:

Մինչ այդ, Եուվենթուս կ՛ուզէ ձեռք ձգել Եունայթըտի Սանչոն կարճ ժամանակի համար (6 ամիս), հակառակ անոր որ Մանչեսթըր կը նախընտրէ «ծախել» մարզիկը:

Ֆրանսացի Օլիվիէ Ժիրու կը փափաքի երկարաձգել իր պայմանագրութիւնը Ա. Սէ. Միլանի հետ, ինչպէս է պարագան գերմանացի Թոմաս Միւլըրին, որուն պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի: Միւլըր կ՛ուզէ առնուազն տարի մը եւս մնալ Պայերնի հետ: Նոյնն է պարագան բերդապահ Զվեն Իւլրէխի, որ հարց չունի մնալու պահեստի բերդապահ` Մանուէլ Նոյըրի:

Մինչ այդ, Պայերն տակաւին հետաքրքրուած է Չելսիի Թրեւոհ Չելոպայի հետ պայմանագրութիւն ստորագրելու յառաջիկայ ամրան, բայց պայքար կը մղէ Տորթմունտի հետ, որ իր կարգին «կը հալածէ Չելոպան»:

Նախորդը

«Լեւոն Շանթ» Կեդրոնին Մէջ Նուիրեալ, Հաւատաւոր Եւ Կարգապահ Անդրանիկ Մսըրլեանին Նուիրուած Յուշ-Երեկոյ

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Եւ Տալաս Կարեւոր Յաղթանակներ Արձանագրեցին

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?