Ծանրաբարձութեան Եւրոպայի ախոյեան, 102 քկ կշիռի Գարիկ Կարապետեան ոսկի մետալ շահեցաւ 20 տարեկանէն վար երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, որոնք տեղի կ՛ունենան Կուատալախարայի մէջ, Մեքսիքօ:
Արդարեւ, Գարիկ Կարապետեան 175 քկ բարձրացուց արաշէի մրցումին, եւ 203 քկ Էփոլէ-Ժըթէի մրցումին, ընդհանուր հաշիւով ալ 378 քկ արդիւնք մը ձեռք ձգելով: (Արաշէն` ոսկի պզտիկ մետալ + էփոլէ-ժըթէ ոսկի պզտիկ մետալ):
Ասիկա Հայաստանի երրորդ ոսկի մետալն է, նախապէս Գոռ Սահակեան եւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան շահած էին ոսկի մետալներ:
Ալեքսանտրա Գրիգորեան 55 քկ կշիռի մրցումներուն էփոլէ-ժըթէի պզտիկ ոսկի մետալ եւ ընդհանուր գումարի 188 քկ մեծ ոսկի մետալ շահած էր, մինչ Գոռ Սահակեան 67 քկ կշիռի արաշէի ոսկի պզտիկ մետալ շահած էր, իսկ էփոլէ-ժըթէի արծաթ պզտիկ մետալ, բայց ընդհանուր գումարի ոսկի մեծ մետալ ալ շահած էր:
Մետալներու ընդհանուր դասաւորման մէջ Հայաստան կը գրաւէ երկրորդ դիրքը` Միացեալ Նահանգներու ետին, որ 2 արծաթ մետալներ աւելի շահած է:
Մինչ մետալներու ընդհանուր դասաւորման մեծ եւ պզտիկ մետալներ միասին Հայաստան երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Միացեալ Նահանգներու ետին, բայց Միացեալ Նահանգներ 7 ոսկի եւ 2 արծաթ մետալներ ունի, իսկ Հայաստան` 4 ոսկի, 1 արծաթ եւ 1 պրոնզ մետալ: