Լոքոմոթիւ Մոսկուայի նախկին նախագահ Նիքոլայ Նաումով կը կարծէ, թէ Հայաստանի ազգային խումբի ֆութպոլիստ Նայիր Թիքնիզեան պէտք է կեդրոնանայ իր այժմու խումբին հետ խաղալու վրայ եւ իր կեդրոնացումը չշեղի եւրոպական ակումբ տեղափոխուելու խօսակցութիւններով:
«Ինծի կը տխրեցնէ Թիքնիզեանի խաղը Լոքոմոթիւի հետ: Ան ոչ մէկ ձեւով կրնայ վերագտնել անցեալ տարեշրջանի իր մակարդակը: Նայիր լաւ կը խաղայ, բայց անցեալ տարի ինչ որ կ՛ընէր, այս տարի չի յաջողիր ընել: Չեմ գիտեր, արդեօք եւրոպական այլ խումբերու խօսակցութիւնները անոր կեդրոնացումը կը շեղե՞ն, թէ՞ ոչ: Ան պէտք է լրջօրէն կեդրոնանայ իր ակումբին հետ` լաւ խաղալու համար: Առայժմ անոր մասին առաջարկ չկայ որեւէ խումբէ», ըսաւ Նաումով:
Ռուսիոյ ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի մրցումին, Թիքնիզեան վերջին վայրկեաններուն լքած էր դաշտը բժիշկներու օգնութեամբ: Անոր վիրաւորուելուն մասին ոչ մէկ տեղեկութիւն կայ:
Ընթացիկ տարեշրջանին 25 տարեկան Թիքնիզեան 12 մրցում կատարած է` նշանակելով 2 կոլ: