Հայաստանի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սփերձեան տուպլէ իրագործեց Կրասնոտարի հետ, Ռուսիոյ ախոյեանութեան 9-րդ հանգրուանի ախոյեանութեան մրցումներուն գծով, Աքրոն Թոլիաթի խումբին դէմ:
Սփերձեան 29-րդ եւ 59-րդ վայրկեաններուն նշանակեց իր կոլերը, եւ Կրասնոտար 5-2 արդիւնքով յաղթեց` գրաւելով ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը:
Զենիթ Սենթ Փեթերսպուրկ աւելի ուշ 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ֆաքելի վերագրաւեց պարագլուխի դիրքը` 2 կէտով գերազանցելով Կրասնոտարը (21 կէտ):
3-րդ դիրքը կը գրաւէ Լոքոմոթիւ Մոսկուա, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Փարի Նիժնի Նովկորոտ խումբին, վերջինիս դաշտին վրայ: Էտկար Սեւիկեան Բ. կիսախաղի սկիզբէն դաշտ ներկայացաւ, մինչ Նայիր Թիքնիզեան 31 վայրկեան մասնակցեցաւ այս մրցումին` նկատի ունենալով, որ դիւրին մրցում մըն էր: