Կիրակի օր, Մանչեսթըր Սիթիի մրցումին` Արսենալի դէմ, միջնապահ գիծի աստղ Ռոտրի իր ծունկի ետեւի խաչաձեւ կապերը պատռեց եւ հեռու պիտի մնայ դաշտերէն առնուազն 6 ամիսով:
Մէկ խօսքով` տարեշրջանը աւարտեցաւ Ռոտրիի համար, մինչ իր ակումբը` Սիթի, շատ դժուարութեան պիտի մատնուի, մանաւանդ որ պելճիքացի միջնապահ Քեւին Տը Պրունիէ իր կարգին վիրաւոր է եւ արդէն իսկ նախկին մակարդակը չունի:
Սիթի այդ գէշ լուրէն անդին այժմ կը հետեւի իր դատական հարցի լսումներուն:
Ակումբը մէկուկէս տարի առաջ մեղադրուած էր նիւթական օրէնքներու 115 խախտումներով: Եթէ դատական ատեանը Սիթին մեղաւոր նկատէ, Սիթի լուրջ պատժամիջոցներու կրնայ մատնուիլ:
Ակումբը կրնայ հեռացուիլ «Փրեմիեր լիկ»-էն: Այդ պարագային, Սիթին ինքնաբերաբար Անգլիոյ բաժակի, Լիկայի բաժակի, «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան մասնակցութենէն ալ կրնայ կասեցուիլ:
Սիթի այժմ «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման առաջին դիրքը կը գրաւէ 5 հանգրուաններէ ետք` ձեռք ձգելով 13 կէտ: