Արժանթինի ազգային խումբի եւ Թոթենհամի կեդրոնի յետսապահ Քրիսթիան Ռոմերօ կրնայ իր ասպարէզը շարունակել «Լա լիկա»-ի մէջ:
Ըստ սպանական «Թոտոֆիշախես» կայքին, 26 տարեկան Ռոմերոյի ծառայութեամբ հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ: Կը նշուի, որ Ռէալ կրնայ ձեռք ձգել Ռոմերոն յառաջիկայ ամառ: Արժանթինցի մարզիկին համար Ռէալ պատրաստ է 65 միլիոն եւրօ առաջարկելու:
Աւելի կանուխ լուրեր տարածուած էին, թէ Թոթենհամ պատրաստ կ՛ըլլայ բաժնուելու Ռոմերոյէն այն ժամանակ միայն, երբ 175 միլիոն եւրօ ստանայ:
Ռոմերոյի եւ Թոթենհամի միջեւ պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2027-ի ամրան: «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանին Ռոմերօ 5 մրցում կատարած է եւ նշանակած 1 կոլ: