Փորթուգալի ֆութպոլի պատմական դէմքերէն Լուիս Ֆիկօ վերջերս իր կարծիքը յայտնած է ֆութպոլի շատ մրցումներու դէմ որոշ գանգատներու մասին:
Յայտնի ակումբի մարզիկներ, որոնց կարգին` Ռոտրի (Մանչեսթըր Սիթի), Ալիսոն (Լիվըրփուլ), Ժիւլ Քունտէ (Պարսելոնա) եւ Տանի Քարվախալ (Ռէալ Մատրիտ) դժգոհութիւն յայտնած էին ֆութպոլիստներուն համար ծանրաբեռնուած մրցումներու օրացոյցին գծով, իսկ շատեր նոյնիսկ գործադուլի արշաւ ալ կը մտածեն իրականացնել:
«Մենք պէտք է տեսնենք, թէ ո՛րն է լաւագոյն լուծումը: Այս բոլորը կը նմանի գլորուող ձիւնագունտի մը, որ հետզհետէ կը մեծնայ: Որքան շատ խաղեր, այնքան աւելի բարձր գինով պայմանագիրներ: Եթէ մրցումները քիչ ըլլան, աշխատավարձերն ալ պէտք է նուազին», ըսաւ Ռէալ Մատրիտի, Պարսելոնայի եւ Ինթեր Միլանի նախկին աստղը:


