Ինթեր Միլանի նախկին յառաջապահ Ատրիանօ (Պրազիլ) պիտի վերադառնայ կանաչ դաշտ: Պրազիլցի յառաջապահը երկար ժամանակէ ի վեր արհեստավարժ ֆութպոլէ հեռու է, սակայն հրաժեշտի մրցում պիտի կատարուի յառաջիկայ դեկտեմբերին:
Ըստ «Կոլ» կայքին, 42 տարեկան Ատրիանօ մաս պիտի կազմէ Ֆլամենկօ – Ինթեր Միլան խումբերու բարեկամական մրցումին:
Մրցումը տեղի պիտի ունենայ 15 դեկտեմբերին, «Մարաքանա» մարզադաշտին վրայ:
Կ՛ենթադրուի, որ Անտրիանօ իւրաքանչիւր խումբի հետ պիտի խաղայ մէկական կիսախաղ: Ատրիանօ Ինթերի հետ 123 մրցում կատարած է` նշանակելով 48 կոլ եւ կատարած 28 էսիսթ: Ան 56 մրցում կատարած է Ֆլամենկոյի հետ` նշանակելով 29 կոլ:
Ատրիանօ կը նկատուէր Ռոնալտոյի յաջորդը, ան շատ լաւ յառաջապահ մըն էր, եւ գրեթէ անկարելի էր զայն կասեցնելը: Սակայն 2004-ին, երբ անոր հայրը մահացաւ, ամէն ինչ փոխուեցաւ, եւ խմիչքի դիմելով մակարդակը նահանջեց, ան քանի մը տարի եւս փորձեց ինքզինք զսպել, 26 տարեկանին վերադարձաւ Պրազիլ եւ ֆութպոլի սէրը կորսնցնելով հազիւ 10 մրցում կատարեց, մինչեւ ֆութպոլը վերջնականապէս լքելը 2016-ին:
Ան 2004-ին եւ 2005-ին ոսկի գնդակի լաւագոյն 10 թեկնածուներու կարգին էր: