Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին միջնապահ Թոնի Քրուս ծիծաղած է «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի դիրքորոշումին առնչութեամբ` Սպանիոյ պաշտպան Մարք Քուքուրելիայի ձեռքին դպած գնդակին վերաբերեալ Եուրօ 2024-ին:
Եուրօ 2024-ի քառորդ աւարտականին Սպանիա – Գերմանիա մրցումին իրաւարար Անթոնի Թէյլըր 106-րդ վայրկեանին փենալթի մը «զլացած էր» ի նպաստ Գերմանիոյ ազգային խումբին, երբ Ժամալ Մուսիալային հարուածը «զսպուած էր» Քուքուրելիայի ձեռքով: ՎԱՐ-ը չէր միջամտած այդ դրուագին: Մրցումը աւարտած էր Սպանիոյ յաղթանակով` շնորհիւ Մերինոյի կոլին 119-րդ վայրկեանին (2-1):
Երկուշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի իրաւարարներու կոմիտէն իր հերթական ժողովէն ետք յայտնեց, որ Գերմանիան պէտք էր ստանար փենալթի մը…
«Անոնք երեք ամսուան պէտք ունէին, որ հասկնային, որ այդ մէկը ձեռքով էր, մինչ գրեթէ բոլորը այդ մէկը տեսան նոյն վայրկեանին: Այս փաստը ինծի շատ հանգստացուց: Հիմա արդեօք կրնա՞մ ես ինծի Եւրոպայի ախոյեան կոչել, քանի անոնք (իրաւարարները) հաստատեցին այդ մէկը», ծիծաղելով ըսաւ Գերմանիոյ եւ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ աստղը, որ այդ մրցաշարքի աւարտին լքած էր ֆութպոլը: