Սպանիոյ Լէոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի աղջկանց ծանրաբարձութեան ազգային խումբի անդամ Ալեքսանտրա Գրիգորեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Ըստ «Արմէնփրես»-ի, Ալեքսանտրա Գրիգորեան 55 քկ կշիռի մրցումներուն, արաշէի վարժութեան մրցումին 77 եւ 81 քկ յաջողեցաւ բարձրացնել, բայց ձախողեցաւ 83 քկ բարձրացնելու: Ան 7-րդ դիրքի վրայ էր: Էփոլէ – Ժըթէի վարժութեան, ան 104 եւ 110 քկ բարձրացնելով գրաւեց Բ. դիրքը` շահելով արծաթէ փոքր մետալ:
Երկամարտի 191 քկ արդիւնքով ան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Ոսկի մետալը շահեցաւ Թայփէյի ծանրաբարձ Լինկ Չենը: