Անգլիոյ ազգային խումբի ֆութպոլիստ Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ, որ Լիվըրփուլի աջ կողմի պաշտպանն է, ծրագիր ունի ձեռք ձգելու Ֆրանսայի առաջին դասակարգի Նանթ ակումբը, ըստ «Լ՛Էքիփ» կայքին:
Մայքըլ Առնոլտ` Թրենթի հայրը, որ լոնտոնեան ներդրումային ընկերութեան միջոցով իր զաւկին հետաքրքրութիւններուն կառավարիչն է, մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ ֆրանսական մարզական շուկային նկատմամբ: Թրենթ արդէն համասեփականատէր է Ֆորմիւլա 1-ի ֆրանսական «Ալփին» խումբին:
Առնոլտ նախապէս հետաքրքրուած էր Սենթ Էթիեն եւ Լը Հաւր խումբերը ձեռք բերելու գծով:
8 անգամ Ֆրանսայի ախոյեան Նանթ կը պատկանի ֆրանսացի գործարար Վալտեմար Քիթայի, որ 2007-էն ի վեր կը ղեկավարէ ակումբը, եւ ըստ շշուկներու, ան յոգնած է խումբին մարզական եւ նիւթական խնդիրներէն:
Կը հաղորդուի, որ անցեալ ամառ Քիթա տեսաժողովի միջոցով հանդիպած է հայր եւ զաւակ առնոլտներուն հետ, իսկ վերջերս հանդիպած է անոնց հետ Ժընեւի մէջ: Ակումբին վաճառման սակը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով: