Իտալիոյ «Սերի Ա.» 16-րդ հանգրուանին ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք, Ինթեր Միլանի հայ միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան «Տազն» կայանին հետ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին խօսեցաւ Ինթերի հետ իր ծրագիրներուն մասին:
«Կը կարծեմ, որ այս մէկը շատ կարեւոր խաղ էր մեզի համար: Մենք շատ դասեր քաղած էինք Պայեր Լեւերքուզընի («Չեմփիընզ լիկ»-ի) մրցումէն: Վերլուծած էինք տեղի ունեցածը եւ լաւապէս պատրաստ էինք յաղթելու Լացիոյին: Մենք կը մասնակցինք երկու, երեք, նոյնիսկ չորս մրցաշարքերու: Իտալիոյ բաժակ, Իտալիոյ գերբաժակ, «Սերի Ա.» եւ «Չեմփիընզ լիկ»: Մենք այս բոլորը կը խաղանք յաղթելու համար: Չեմ կրնար ըսել, թէ բոլոր մեր մրցումներուն պիտի յաղթենք, բայց մեր գլխաւոր նպատակը այդ է: Մենք կը ցանկանք կարելի եղածին չափ վերջին հանգրուաններուն հասնիլ», ըսաւ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին Ինթերի շապիկով 4-րդ էսիսթը կատարեց Լացիոյի դէմ մրցումին:


