Ֆրանսայի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանէն յառաջաձգուած մրցումի մը ընթացքին Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մոնաքոյի դաշտէն:
Մրցումի առաջին կիսախաղին Ֆրանսայի մայրաքաղաքի կազմը աւելի վտանգեց եւ կոլ մըն ալ նշանակեց շնորհիւ Տեզիրէ Տուէի, որ առանձին էր, երբ գնդակը ստացաւ Աշրաֆ Հաքիմիէն: Այս կոլէն 2 վայրկեան առաջ` 22-րդ վայրկեանին իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարումմա Մոնաքոյի մարզիկ Սինկոյի հետ բախելէ ետք փոխարինուած էր: Սինկոյի կօշիկի տակի գամերը քսուած էին Տոնարումմայի աջ այտին, երբ վերջինս փորձած էր միջամտել եւ ընդհատել Սինկոյի յարձակումը:
Բ. կիսախաղին Պեն Սեղիր եւ Էմպոլօ երկու կոլ նշանակեցին, բայց Օսման Տեմպելէ 64-րդ վայրկեանին նշանակեց Փարիզի 2-րդ եւ հաւասարութեան կոլը:
83-րդ եւ 97-րդ վայրկեաններուն Կոնսալօ Ռամոս եւ Տեմպելէ երկու կոլեր աւելցուցին:
Սպանիոյ «Լա լիկա»-ին գծով տեղի ունեցան յետաձգուած երկու մրցումներ. Վիարէալ եւ Վայեքանօ 1-1 արդիւնքով հաւասար աւարտեցին իրենց մրցումը: Էսփանիոլ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց Վալենսիայի հետ իր մրցումը:
Անգլիոյ Լիկայի բաժակի («Ի. Էֆ. Էլ. Քափ») քառորդ աւարտականին գծով Արսենալ 3-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Քրիսթըլ Փելեսը, Նիւքեսըլ 3-1 արդիւնքով Պրենթֆորտը, իսկ Լիվըրփուլ 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սաութհեմփթընի դաշտէն:
Իտալիոյ բաժակի քառորդ աւարտական հասան Աթալանթա եւ Ա. Էս. Ռոմա: Աթալանթա 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Չեզենան, մինչ Ռոմա 4-1 արդիւնքով դուրս ձգեց Սամտորիան: