«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի սկիզբէն Ֆիլատելֆիա յոյս ունէր ախոյեանութեան լուրջ թեկնածուներէն մէկը ըլլալ` ձեռք ձգելով Փոլ Ճորճը: Սակայն առաջին իսկ մրցումէն Ժոել Էմպիիտ եւ աւելի ուշ Թայրիս Մեքսի վիրաւորուեցան, մինչ Ճորճ առանձին չկրցաւ լաւ «շաղուիլ» խումբին հետ:
Անցեալ շաբաթներուն Ֆիլատելֆիա հազիւ սկսած էր լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել, երկուշաբթի օր Ժոել Էմպիիտ իր քիթը կոտրած է եւ քանի մը շաբաթ կ՛ուզէ վերադառնալու:
Երէկ Թայրիս Մեքսի 40 կէտ նշանակեց, եւ Փոլ Ճորճ աւելցուց 33 կէտ` օգնելով, որ Ֆիլատելֆիա արձանագրէ կարեւոր յաղթանակ մը` Չարլոթ Հորնեթցի դաշտին վրայ: Իր 24-րդ մրցումին, Ֆիլատելֆիա իր 8-րդ յաղթանակը տօնեց, մինչ Չարլոթ տարեշրջանի իր 26-րդ մրցումին կրեց իր 19-րդ պարտութիւնը: Մայլզ Պրիճզ 24 կէտ նշանակեց ի նպաստ Հորնեթցի:
Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 23-րդ յաղթանակը տօնեց Պրուքլինի մէջ պարտութեան մատնելով Նեթցը` 130-101 արդիւնքով: 4 պարտութիւններ կրած Քլիվլենտ կը մնայ «Էն. Պի. Էյ.»-ի այժմու լաւագոյն խումբը: Էվըն Մոպլի (21 կէտ), Քերիս Լըվերթ (19 կէտ), Տոնավըն Միշել (18 կէտ), Ճորճ Նիանկ (17 կէտ), Այզըք Օքորօ (12 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (12 կէտ) խմբային խաղով արձանագրեցին հանգիստ յաղթանակ մը, այս մրցումին Տարիըս Կարլենտ (11 կէտ) 24 վայրկեան մասնակցեցաւ:
Պրուքլինի լաւագոյն մարզիկն էր Քամերուն Ճոնսըն, որ 22 կէտ նշանակեց: Ճիմի Պաթլըր թրիփըլ տապըլ (35 կէտ, 19 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ) իրագործեց Տիթրոյիթ Փիսթընզի դէմ, որ սակայն կրցաւ երկարաձգումին 1 կէտի առաւելութեամբ յաղթել Մայեմի Հիթին:
Քէյտ Քանինկհամ իր կարգին թրիփըլ տապըլ իրագործեց (20 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 18 էսիսթ) ի նպաստ Տիթրոյիթի, որ իր 11-րդ յաղթանակը տօնեց (27 մրցումներու ընթացքին)` 11-րդ պարտութեան պատճառ դառնալով Մայեմիի (24 մրցումներու ընթացքին):
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ 144-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եութա Ճեզը: Ճէյմս Հարտըն 41 կէտ նշանակեց եւ Նորմըն Փաուըլ աւելցուց 29 կէտ: Իվիցա Զուպաց 19 կէտ եւ 12 ռիպաունտ ձեռք ձգեց Քլիփըրզի հաշուոյն, որ տակաւին կը խաղայ առանց Քուայ Լենըրտի, որ վիրաւոր է, բայց կը պատրաստուի վերադառնալու: Վիրաւոր են նաեւ Քլիփըրզի Տերեք Ճոնզը եւ Փի. Ճէյ. Թաքըրը:
Նշենք, որ այսօր առաւօտ տեղի կ՛ունենայ «Էմիրէյթց Էն. Պի. Էյ. Քափ»-ի աւարտական մրցումը` Միլուոքի Պաքսի եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի միջեւ:
Եաննիս Անթեթոքումփօ եւ Միլուոքի պիտի փորձեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի բաժակը աւելցնել իրենց տիտղոսներուն, բայց դժուար մրցակից ունին` ի դէմս Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի:
Անթեթոքումփօ կիսաւարտականին փայլած էր Աթալանթայի դէմ կիսաւարտականի մրցումին, մինչ Թանտըր Շէյ Կիլճիըս-Ալեքսանտըրի հետ կրցած էր դուրս ձգել Հիուսթըն Ռոքեթցը` 111-96 արդիւնքով:
Ստորեւ` երէկուան արդիւնքները
Չարլոթ Հորնեթց – Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ 108-121
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ 125-124
Պրուքլին Նեթց – Քլիվլենտ Քեվելիրզ 101-130
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շիքակօ Պուլզ 121-122
Սաքրամենթօ Քինկզ – Տենվըր Նակեթց 129-130
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ 144-107


